Ատրպէյճան կը գտնուի իր զինուորական ուժերը հզօրացնելու պարտադրանքին տակ. Հասանով

By Asbarez | Thursday, 29 May 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- «Ատրպէյճան կը գտնուի իր զինուորական ուժերը հզօրացնելու պարտադրանքին տակ», Հինգշաբթի, Մայիս 29ին, Թիֆլիսի մէջ յայտարարած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով:


«Ներկայիս Ատրպէյճանի զինուորական ուժերը օժտուած են ամենաարդիական զինատեսակներով, արհեստագիտութեամբ եւ սարքաւորումներով: Այսօր Ատրպէյճան ունակ է վերադարձնելու թշնամիին կողմէ բռնագրաւուած հողերը: Սակայն, ատրպէյճանական պետութեան ղեկավարութիւնը կողմ է այդ հարցի խաղաղ լուծման», աւելցուցած է Հասանով՝ ըստ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատուական գործակալութեան:


Հասանով նաեւ պնդած է, թէ Հայաստան վերջին քանի մը օրերուն փորձեց սահմաններու խախտում կատարաել, սակայն՝ «արժանի հակահարուած ստացաւ»:


comments