Յովիկ Աբրահամեան մասնակցած է ԱՊՀ երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստին

By Asbarez | Friday, 30 May 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ.– Մինսկի Անկախութեան պալատին մէջ 30 Մայիսին՝ Պելոռուսի վարչապետ Միխայիլ Մեասնիքովիչի գլխաւորութեամբ, տեղի ունեցած է ԱՊՀ մասնակից պետութիւններու կառավարութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի հերթական նիստը, որուն մասնակցած է Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան:


Կառավարութիւններու ղեկավարները քննարկած են ԱՊՀ ծիրին մէջ համագործակցութեան զարգացման վերաբերող շուրջ երկու տասնեակ հարցեր: Ստորագրուած են շարք մը համաձայնագիրներ՝ գիտական տեղեկատուութեան միջպետական փոխանակման, փոխադրութեան անվտանգութեան ապահովման, զինուած ուժերու տեղագրական–երկրաբաշխական, նաւարկութեան ապահովման եւ մարդասիրական ականազերծման ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան մասին, ինչպէս նաեւ որոշ համաձայնագիրներու մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին որոշումներ տրուած են:

Որոշուած է ԱՊՀ մասնակից երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի յաջորդ նիստը կայացնել 21 Նոյեմբեր 2014ին Թուրքմենստանի մայրաքաղաք Աշկապատի մէջ:


comments

Advertisement