Աբրահամեանը Մինսկի մէջ տեսակցած է Լուքաշենքոյի եւ Մեասնիքովիչի հետ

By Asbarez | Friday, 30 May 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան 30 Մայիսին աշխատանքային այցելութիւն տուած է Պելոռուսի մայրաքաղաք Մինսկ՝ ԱՊՀի երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստին մասնակցելու նպատակով:


Անկէ առաջ պատուիրակութիւններուն ղեկավարները ընդունած է Պելոռուսի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօն:

Հանդիպման ընթացքին Լուքաշենքօն կարեւոր նկատած է ԱՊՀի դերը որպէս կայացած միջպետական միաւորում: Ըստ անոր՝ ԱՊՀի ծիրին մէջ ձեւաւորուած քաղաքական եւ տնտեսական համագործակցութեան հիման վրայ կը կազմաւորուի Եւրասիական տնտեսական միութիւնը եւ միասնական տնտեսական տարածքը:
Լուքաշենքօն նաեւ տեղեկացուցած է, որ այս տարուան Հոկտեմբերին Մինսկի մէջ տեղի պիտի ունենան ԱՊՀի եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան գագաթնաժողովները:

Հայաստանի վարչապետը յատուկ զրոյց ունեցած է նաեւ պելոռուսցի պաշտօնակից Միխայիլ Մեասնիքովիչի հետ:

Աբրահամեան եւ Մեասնիքովիչ քննարկած են հայ-պելոռուսական տնտեսական համագործակցութեան օրակարգին վերաբերող հարցեր, գոհունակութիւն յայտնած են երկկողմանի համաձայնութիւններու գործադրութեամբ ձեռք ձգուած արդիւնքներէն, բարձր գնահատած են յարաբերութիւններու ներկայի մակարդակը եւ կարեւոր նկատած են հետագային առեւտրաշրջանառութեան քանակի յաւելումը։

Վարչապետները անդրադարձած են Պելոռուսէն Հայաստան երկրագործական սարքերու ներմուծման, Հայաստանէն Պելոռուս գիւղմթերքի արտածման հարցերուն:
Միտքեր փոխանակուած են նաեւ Մաքսային միութեան Հայաստանի անդամակցութեան շուրջ եւ գոհունակութիւն յայտնած այդ գործընթացին զարգացումին համար: Մեասնիքովիչ ընդգծած է, որ Պելոռուս կ՛աջակցի այդ ուղղութեամբ Հայաստանի կողմէ ի գործ դրուած ջանքերուն:

Նշենք, որ Հայաստանի պատուիրակութեան մաս կը կազմեն կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարար Դաւիթ Յարութիւնեան, տնտեսութեան նախարար Կարէն Ճշմարիտեան, մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր:


comments

Advertisement