Մոսկուա եւ Թիֆլիս մտահոգ են Աբխազիոյ իրադարձութիւններով

By Asbarez | Friday, 30 May 2014

ՍՈՒԽՈՒՄ, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Մայիս 30ին, Աբխազիոյ իշխանութեանց ընդդիմադիրները պնդեցին, թէ իրենց հակակշիռին տակ առած են Վրաստանէն անկախութիւն հռչակած երկիրը, մինչ ներքին գործոց նախարար Օտար Խեցիա Երեքշաբթի օր սկսած խռովութիւնները կ՛որակէր պետական յեղաշրջման փորձ:


Ընդդիմութեան համակիրները Երեքշաբթի օր ներխուժած էին նախագահական պալատ՝ պահանջելով նախագահին հրաժարականը, սակայն պալատէն հեռացած նախագահ Ալեքսանտր Անքվապ Ուրբաթ օր յայտարարեց, թէ կը մերժէ հրաժարելու կամ վարչապետը պաշտօնազրկելու պահանջները՝ շեշտելով, թէ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն հետ բանակցութիւնները կասեցուցած է, որովհետեւ կը մերժէ ճնշումի տակ բանակցիլ:

Ժամանակաւոր ազգային խորհուրդ մը կազմած ընդդիմութիւնը Ուրբաթ օր յայտարարեց, թէ աշխատանք կը տարուի, որպէսզի նախարարութիւնները խաղաղ պայմաններու տակ շարունակեն իրենց աշխատանքը:

Ընդդիմութեան ղեկավարներէն Ռաուլ Խաճիմպա աւելցուցած է, թէ նախագահը հրաժարելէ բացի այլընտրանք չունի: Նշենք, որ 2011ի ընտրութիւններուն Անքվապ պարտուիթեան մատնած էր Խաճիմպան: Ընդդիմութիւնը շարք մը զեղծարարութիւններով կ՛ամբաստանէ ներկայ իշխանութիւնները:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կրիկորի Քարասինի եւ Աբխազիոյ արտաքին գործոց նախարար Վիաչեսլաւ Չիրիքպայի միջեւ տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան արդիւնքները ներկայացնող հաղորդագրութեան մէջ նշած է, որ Մոսկուա մտահոգ է Աբխազիոյ մէջ ներքաղաքական իրավիճակի սրումով: «Ռուսական կողմը ուշադրութեամբ կը հետեւի բարեկամ պետութեան մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն», ըսուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Վրաստանի արտաքին գործոց առաջին փոխնախարար Դաւիթ Զալքալիանի եւս «խիստ անհանգստութիւն» արտայայտած է Աբխազիոյ մէջ ստեղծուած վիճակին կապակցութեամբ եւ ընդգծած կացութիւնը կայացնելու նպատակով միջազգային կազմակերպութեանց միջամտութեան անհրաժեշտութիւնը:


comments

Advertisement