Թուրքիա, Ատրպէյճան Եւ Թիւրքմէնիստան ստորագրած են Պաքուի հռչակագիրը

By Asbarez | Friday, 30 May 2014

 

 

ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Մայիս 26ին, Պաքուի մէջ տեղի ունեցած է Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Թիւրքմէնիստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը, որ իր ձեւաչափով առաջինն էր:

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարած է, որ հանդիպումին աւարտին, կողմերուն միջեւ ստորագրուած է Պաքուի հռչակագիրը: Ան նշած է, որ նախարարներու յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Աշխապատի մէջ:

Ըստ Մամետեարովի՝ երեք երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը կ՛ընդգրկէ հարցերու լայն շրջանակ մը, ներառեալ՝ ուժանիւթի, զբօսաշրջութեան, մարդասիրական եւ քաղաքական: Ըստ անոր՝ երեք երկիրները մտադիր են ստեղծել նաեւ նշուած մարզերը ղեկավարող նախարարներու հանդիպումներ:

Եռակողմ այս ձեւաչափի ստեղծման մասին 2013ի վերջաւորութեան յայտարարած էր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու: Ըստ ատրպէյճանական «Քոնթաքթ» կայքին՝ ձեւաչափի քննարկման առանցքը եղած է թիւրքմէնական կազին Եւրոպա տարանցման հարցը՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ տարածքով, որուն համար Պաքու եւ Աշխապատ պէտք է կարգաւորեն երկկողմանի յարաբերութիւնները՝ ստորգետնեայ ջրային սահմանագծման, վիճելի «Քայափազ» հանքավայրի, ինչպէս նաեւ Անդրկասպեան խողովակաշարի կառուցման հարցին մէջ:

Արդէն իսկ կը գործեն նաեւ Թուրքիա-Ատրպէյճան-Վրաստան եւ Թուրքիա-Ատրպէյճան-Իրան եռակողմ ձեւաչափերը:

 


comments

Advertisement