Ցեղասպանութիւնը ճանչցած Քիւրտ գործիչը քաղաքապետ կ՛ընտրուի

By Asbarez | Tuesday, 03 June 2014

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Թուրքիոյ մէջ Մարտ 30ին կայացած տեղական ընտրութիւններուն ընթացքին, արեւելեան Աղրըի (պատմական Բագաւանի մօտ) քաղաքապետի ընտրութիւններուն մէջ յաղթանակ արձանագրած էր քիւրտ ղեկավար Սըրրը Սաքըք, սակայն իշխանութիւնները ընտրութեանց արդիւնքը չեղեալ յայտարարարած էին:
Կիրակի, Յունիս 1ին տեղի ունեցած նոր ընտրութեանց արդիւնքով՝ Սաքըք կրկին յաղթանակ ապահոված է: Թրքական «Սի.Էն.Էն. Թիւրք»ի համաձայն՝ Սըրրը Սաքըք խլած է 23,460 քուէ, իսկ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան թեկնածու Հասան Արսլանը՝ 20,609 քուէ:

Յիշեցնենք, որ Սըրրը Սաքըք պատգամաւոր եղած ժամանակ յայտարարած էր, թէ Թուրքիոյ մէջ հայերը ջարդելու մշակոյթ գոյութիւն ունի, իսկ Մուշի հայկական թաղամասը քանդելու ծրագիրին հակադարձելով՝ կոչ ըրած էր չքանդելու «100 տարի առաջ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայոց տուները»:

 


comments