Քուէյթ պատրաստ է Իրանի հետ յարաբերութեանց մէջ նոր էջ բանալու

By Asbarez | Tuesday, 03 June 2014

 

ԹԵՀՐԱՆ, «Ֆարս».- Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի, Քուէյթի իշխան շէյխ Սապահ Ահմետ Ճապեր Սապահի հետ Թեհրանի մէջ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին շեշտեց, որ Ծոցի աապահովութիւնը պիտի երաշխաւորուի շրջանի երկիրներուն միջեւ լաւ յարաբերութիւններու հաստատման միջոցով: Ան ըսաւ, որ Իրան նախանձախնդիր է իր դրացիներուն հետ լաւ յարաբերութիւններ ունենալու: Խամենէի նաեւ աւելցուց, որ շրջանի երկիրներուն միջեւ տարակարծութիւնները հասարակաց թշնամիները կ՛ուրախացնեն եւ գովեց շրջանային հարցերուն շուրջ Քուէյթի իշխանին կեցուածքները՝ զանոնք նկատելով իմաստուն ու բարեբեր:


Իր կարգին, Քուէյթի իշխանը Խամենէին նկատեց ամբողջ շրջանի հոգեւոր առաջնորդը՝ յայտարարելով, որ պատրաստ է երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութեանց նոր էջ մը բանալու: Քուէյթի իշխանը յոյս յայտնեց, որ Սուրիոյ հարցերը կը լուծուին սուրիացի ժողովուրդի պահանջներուն համահունչ եւ խաղաղ կերպով: Ան մատնանշեց իր երկիրին եւ Իրաքի միջեւ լաւ յարաբերութիւնները՝ շեշտելով շրջանի երկիրներուն միջեւ համախոհութեան կարեւորութիւնը:
Նշենք, որ Քուէյթի իշխանը Յունիս 1-2ին այցելեց Իրան, ուր ան նաեւ հանդիպում մը ունեցաւ նախագահ Հասան Ռոհանիի հետ: Այցելութիւնը իր տեսակին մէջ առաջինն էր 1979էն ի վեր:


comments

Advertisement