ԵԱՀԿի նախագահը Ալիեւին կոչ կ՛ընէ Արցախի շուրջ լարուածութիւնը նուազեցնելու

By Asbarez | Tuesday, 03 June 2014


 

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Տարածաշրջանային այցելութեան ծիրէն ներս Երկուշաբթի, Յունիս 2ին Պաքու ժամանած Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարար եւ ԵԱՀԿի նախագահ Տիտիէ Պուրխալթեր հանդիպում մը ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:

ԵԱՀԿի տարածած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, թէ դիւանագէտը Ալիեւին հետ քննած է ԵԱՀԿի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համագործակցութեան նոր կարելիութիւնները եւ «կոչ ըրած է՝ Ղարաբաղի հակամարտութեան լարուածութիւնը նուազեցնող միջոցներու դիմելու»:

Նոյն աղբիւրին համաձայն՝ Պուրխալթեր խրախուսած է Ալիեւը քայլ առ քայլ առաջ երթալու, խաղաղ կարգաւորման հասնելու համար:

ԵԱՀԿի նախագահը հակամարտութեան կողմերուն կոչ ըրած է խստօրէն պահպանելու հրադադարի պայմանագիրը, մշակելու միջադէպերու հետաքննութեան համակարգ, խրախուսելու քաղաքացիներուն միջեւ շփումները եւ համաձայնութիւն գոյացնելու փոխվստահութեան նպաստելիք միջոցառումներու շուրջ:
Դիւանագէրը Յունիս 4ին նաեւ Երեւան պիտի այցելէ:

 


comments