Հոլանտ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն Արցախի հարցով առաջարկներ ներկայացուցած է

By Asbarez | Tuesday, 03 June 2014


 

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատումը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ տարածաշրջանին մէջ կայունութիւն ապահովելու ջանքերուն վրայ. այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Փասքալ Մոնիէ:

Ըստ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան՝ դեսպանը աւելցուցած է, որ նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ Ֆրանսայի մէջ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներուն եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներուն հանդիպում մը կազմակերպելու պատրաստակամութիւն յայտնած է:

«Այդ առաջարկութիւնը նախ պէտք է ընդունին նախագահները: Հոլանտ կողմերուն ներկայացուցած է յստակ առաջարկներ, որոնք կրնան քննարկուիլ Ֆրանսայի մէջ», ըսած է դեսպանը:

Անդրադառնալով սահմանին վրայ արձանագրուող հրադադարի խախտումներուն՝ Մոնիէ նշած է, որ անոնք մտահոգիչ են:

 


comments