Արամ Ա. Վատիկան կը մեկնի

By Asbarez | Tuesday, 03 June 2014


 

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երեքշաբթի, Յունիս 3ի առաւօտեան, Արամ Ա. կաթողիկոս պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Վատիկան:

Վեհափառ հայրապետին կ՛ընկերանան հետեւեալ առաջնորդները. Կոմիտաս արք. Օհանեան, Օշական արք. Չօլոյեան, Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, Խորէն եպս. Տողրամաճեան, Շահան արք. Սարգիսեան, Բաբգէն եպս. Չարեան, Շահէ եպս. Փանոսեան եւ Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան: Վեհափառին այցելութեան ժամանակ նաեւ ներկայ պիտի ըլլան շուրջ ութսուն ազգայիններ ու բարերարներ՝ զանազան գաղութներէ:
Եռօրեայ այցելութեան ընթացքին, վեհափառը առանձին հանդիպում պիտի ունենայ Ֆրանսիս պապին հետ, անոր պիտի յաջորդէ պաշտօնական խօսքերու փոխանակում եւ ապա՝ միացեալ կրօնական արարողութիւն:

Վեհափառը նաեւ հանդիպումներ պիտի ունենայ Վատիկանի պետական քարտուղարին, միջեկեղեցական ու միջկրօնական յարաբերութեանց եւ արեւելեան եկեղեցիներու բաժանմունքներու պատասխանատու կարտինալներուն հետ: Վեհափառը պիտի այցելէ Սէյնթ Էճիտիոյի կեդրոնը եւ Լեւոնեան վարժարանը: Այցելութեան աւարտին, վեհափառը մամլոյ ասուլիս մը պիտի տայ:

Նշենք, որ վեհափառը Վատիկան մեկնեցաւ լոնտոնաբնակ Ռաֆֆի Մանուկեանի կողմէ տրամադրուած անձնական օդանաւով:

 


comments