By Asbarez | Monday, 02 June 2014
ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Հաքքին» կայքը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը քննադատած է Ատրպէյճանի իշխանութիւնը՝ մարդկային իրաւանց պաշտպան երեք գործիչներու դէմ արձակուած դատավճիռներուն համար: «Այդ ձերբակալութիւնները լուրջ ճնշումներ են Ատրպէյճանի ժողովրդավարացման արշաւին վրայ: Ըլլալով Ատրպէյճանի հիմնական գործընկերը՝ կը հաւատանք, որ երկիրի կայունութեան եւ զարգացման համար ամէնէն կարեւոր քայլը՝ բաց հասարակութեան ստեղծումն է», ըսուած է դեսպանատան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Մայիս 27ին, Պաքուի ծանր յանցագործութիւններու դատարանը Անար Մամետլին դատապարտած էր 5.5 տարուան, Պաշիր Սուլէյմանլըն՝ 3.5 տարուան բանտարկութեան, իսկ Էլնուր Մամետովը՝ նոյնքան ժամանակով պայմանական ազատազրկման: Անոնք մեղաւոր նկատուած էին հարկերէ խուսափելու, գումարներ իւրացնելու, իրենց լիազօրութիւնները չարաշահելու եւ այլ մեղադրանքներով, սակայն մարդկային իրաւանց պաշտպանները կը շեշտեն, թէ այդ ամբաստանութիւնները շինծու են եւ գործիչները կը հետապնդուին իշխանութեանց որոշ քայլերը քննադատելնուն համար:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ