Ամերիկացի զինուոր մը ազատ կ՛արձակուի՝ 5 «Թալեպան»ներու փոխարէն

By Asbarez | Monday, 02 June 2014

 

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- 28 տարեկան ամերիկացի ենթասպայ Պօուի Պըրկտալ Կիրակի, Յունիս 1ին, հարաւարեւելեան Աֆղանիստանի մէջ փոխանցուեցաւ ամերիկեան մասնայատուկ ուժերուն՝ «Թալեպան» շարժումին հետ գերիներու փոխանակման համաձայնութեան մը ծիրին մէջ: Ուաշինկթըն այդ զինուորին փոխարէն ազատ արձակեց Կուանթանամոյի արգելափակման ճամբարին մէջ գտնուող «Թալեպան» շարժումի 5 անդամներ:


Սպիտակ տունը, անմիջապէս, որոշ հանրապետական քոնկրեսականներու կողմէ քննադատութեան թիրախ դարձաւ՝ արգելափակման ճամբարէն նշեալ բանտարկեալները ազատ արձակելէն 30 օր առաջ Քոնկրեսը տեղեակ չպահելուն համար: Սակայն պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլ ողջունեց զինուորին ազատ արձակումը:
Աֆղանիստանի նախագահ Համետ Քարզայ եւս տեղեակ պահուած է փոխանակումէն ետք միայն:

Միւս կողմէ, Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ այս համաձայնութիւնը գոյացած է Քաթարի իշխանութեանց միջնորդութեամբ, իսկ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտնեց, որ Քաթարէն ապահովական երաշխիքներ ստացած է՝ ազատ արձակուած աֆղաններուն կապակցութեամբ, որպէսզի Քաթար «միջոցառումներ որդեգրէ՝ պաշտպանելու համար մեր ազգային ապահովութիւնը»: Աֆղաններուն պիտի արգիլուի առնուազն մինչեւ մէկ տարի Քաթարէն հեռանալ:

«Մայատին» հաղորդեց, որ աֆղան բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտնած է, թէ գերիներու փոխանակումը կրնայ երկրին մէջ խաղաղութեան հոլովոյթին նպաստել:


comments