Պաղեստինեան ազգային համաձայնութեան կառավարութիւնը կազմուեցաւ

By Asbarez | Monday, 02 June 2014

 

ՌԱՄԱԼԼԱ, «Ռոյթըրզ».- Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի Երկուշաբթի, Յունիս 2ին պաշտօնապէս յայտարարեց Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան կազմութիւնը՝ պաղեստինեան «Համաս» կուսակցութեան հետ, հակառակ իսրայէլեան սպառնալիքներուն: Սակայն, Իսրայէլ կրցաւ նշեալ կառավարութեան չորս նախարարները հեռու պահել Ռամալլայէն՝ դէմ դնելով երդման արարողութեան համար Արեւմտեան Ափի մայրաքաղաք ժամանելու անոնց փորձին: Կառավարութիւնը կազմուեցաւ «Ֆաթըհ» եւ «Համաս» շարժումներուն միջեւ համաձայնութեան լոյսին տակ:


Ապպաս Շաբաթ օր պաղեստինեան դատին զօրակցող ֆրանսացիներու մէկ պատուիրակութեան առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ ըսած էր. «Իսրայէլացիները մեզի յայտնեցին, որ եթէ կառավարութիւն կազմենք, մեզ պոյքոթի պիտի ենթարկեն»:

Կառավարութիւնը կազմուած է ընդհանրապէս անկախ եւ մասնագէտ նախարարներէ, որոնց ընդգրկումը կրնայ դիւրացնել Արեւմուտքին եւ պաղեստինեան նոր կառավարութեան միջեւ յարաբերութիւններու կայացումը:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու նախազգուշացուցած է՝ ըսելով, որ աշխարհը պէտք չէ շտապէ ճանչնալու պաղեստինցիներու կառավարութիւնը:


comments

Advertisement