Եւրոխորհուրդը կը դատապարտէ Թուրք ցուցարարներու դէմ նոր բռնարարքները

By Asbarez | Monday, 02 June 2014


 

ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Շաբաթ, Մայիս 31ին, Պոլսոյ մէջ աւելի քան 120 ցուցարարներ ձերբակալուեցան, երբ ոստիկանութիւնը բիրտ կերպով միջամտեց եւ փորձեց ցրուել բողոքի ցոյցին մասնակիցները:


Ցոյցը կազմակերպուած էր՝ նշելու համար անցեալ տարուան «Կեզի» զբօսայգիի բողոքի ցոյցերուն առաջին տարեդարձը: Համեմատաբար աւելի խաղաղ ցոյց մը տեղի ունեցաւ նաեւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ:

Պոլսոյ ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ օգտագործած է՝ ցրուելու համար ցուցարարները: Ըստ Պոլսոյ ոստիկանապետ Սելամի Աթինոքի՝ չորս ոստիկան վիրաւորուած է, ներառեալ՝ ոստիկանապետի տեղակալը:

Նախապէս, Թաքսիմի համերաշխութեան խումբը կոչ ուղղած էր զանգուածային բողոքի ցոյց մը կատարելու «Կեզի» զբօսայգիի բողոքի ցոյցերուն առաջին տարեդարձին օրը:

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան կատարած էր յայտարարութիւն մը՝ կոչ ուղղելով չնշելու բողոքի այդ ցոյցերուն տարեդարձը:
25 հազար ոստիկան շրջապատած էր Թաքսիմի հրապարակը, որ անցեալ տարուան ցոյցերու կեդրոնը եղած էր: Այդ ցոյցերը հակակառավարական ցոյցերու վերածուած էին եւ առնուազն՝ 8 զոհ խլած:

Եւրոպական խորհուրդը դատապարտեց ցուցարարներուն դէմ թրքական ոստիկանութեան որդեգրած բռնարարքները՝ քաղաքացիներուն տարրական իրաւունքները յարգելու կոչ ընելով Անգարայի իշխանութեանց:

Ցոյցերը Կիրակի օր եւս շարունակուեցան Անգարայի մէջ, ուր ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ օգտագործեց՝ ցրուելու համար ցուցարարները:
Նշենք, որ Շաբաթ օր ձերբակալուածներու շարքին էր «Սի.Էն.Էն.»ի լրագրող մը, որ ցոյցի վայրէն ուղղակի սփռումի ընթացքին թրքական ոստիկանութեան կողմէ ձերբակալուեցաւ:

 


comments

Advertisement