By Asbarez | Wednesday, 04 June 2014

ՎԱՐՇԱՒԻԱ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Չորեքշաբթի, Յունիս 4ին, Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւիոյ մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ուքրանիոյ նորընտիր նախագահ Փեթրօ Փորոշենքոյի հետ՝ տնտեսական եւ ապահովական օժանդակութիւններ խոստանալով անոր: Ան նաեւ Ուքրանիոյ մէջ հակամարտ կողմերուն կոչ ըրաւ հեռու մնալու բռնարարքներէ:
Մէկ օր առաջ, Օպամա յայտարարած էր, թէ «ուքրանական տագնապով մտահոգ՝ Արեւելեան Եւրոպայի ապահովութեան նկատմամբ ամերիկեան յանձնառութիւնը անփոփոխ պիտի մնայ, որովհետեւ այդ յանձնառութիւնը մեր ապահովութեան անկիւնաքարն է»:
Օպամա նաեւ կոչ ըրած էր Ռուսիոյ, որ իր ազդեցութիւնը օգտագործէ Ուքրանիոյ մէջ ռուսամէտ ուժերուն զէնքերը վար դնելու համար: Ան յայտնած էր, որ Քոնկրեսէն մէկ միլիառ տոլար պիտի խնդրէ՝ Եւրոպայի մէջ ամերիկեան յաւելեալ սպառազինութիւն տեղակայելու եւ ռազմափորձեր կատարելու համար:
Միւս կողմէ, «Վետոմոսթի» կայքը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան ուժանիւթի հարցերով յանձնակատար Կիւնթեր Էթինկեր գերմանական թերթի մը հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ «Հարաւային հոսք» կազատարի նախագիծի իրականացման աշխատանքները պիտի սառեցուին, մինչեւ որ Ռուսիան փոխէ Ուքրանիոյ քաղաքական ճգնաժամին նկատմամբ իր վերաբերմունքը:
«Մենք պիտի վերականգնենք բանակցութիւնները, երբ ռուսական կողմը սկսի պահպանելու միջազգային իրաւունքի չափանիշները եւ պատրաստ ըլլայ կառուցողական համագործակցութեան՝ ուժանիւթի մեր օրէնքներուն հիման վրայ», նշած է Էթինկեր:
Ըստ անոր՝ «Ուքրանիոյ արեւելքը գրեթէ քաղաքացիական պատերազմի իրավիճակի մէջ է, եւ այնքան ատեն, որ Մոսկուա չի ճանչնար Քիեւի կառավարութիւնը, մենք մեր բանակցութիւններուն մէջ վստահաբար ոչ մէկ տեղ կրնանք հասնիլ»:
Ռուսական «Կազփրոմ» ընկերութիւնը կ՛ուզէ Եւրոպայի յաւելեալ կազ ծախել «Հարաւային հոսք» կազատարի ծրագիրին իրականացումով: Ռուսական «Կազփրոմ» ընկերութեան տնօրէն Ալեքսէյ Միլըր յայտարարած է, որ Եւրոպական յանձնաժողովը չի կրնար կանգնեցնել «Հարաւային հոսք» նախագիծի իրականացումը՝ աւելցնելով, թէ Դեկտեմբեր 2015ին, ծրագիրի ծովային հատուածով առաջին անգամ կազը պիտի հասնի Պուլկարիա:
Միւս կողմէ, «Նաւթոկազ Ուքրանիա» ընկերութիւնը «Կազփրոմ»ին նոր համաձայնագիրի նախագիծ մը ներկայացուցած է՝ առաջարկելով փոխել կազի գինը, ծաւալը եւ կազի մատակարարման պայմանները:
Ուքրանիա-Ռուսիա-Եւրոմիութիւն բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք, անցեալ շաբաթ կողմերը նախապատրաստած էին նոր ծրագիր մը, ըստ որուն՝ «Նաւթոկազ»ը պէտք է մասնակի կերպով մարէ կազի պարտքը: Մոսկուան յայտարարած էր բանակցութիւնները շարունակելու իր պատրաստակամութեան մասին, ինչպէս նաեւ խօսած էր Քիեւի համար հաւանական զեղչերու մասին, եթէ առաջին վճարումը կատարուի ժամանակին: Անցեալ շաբաթ «Նաւթոկազ» վճարած էր պարտքին մէկ մասը՝ 786 միլիոն տոլարի փոխանցում մը կատարելով:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ