Տիտիէ Պուրխհալթեր. «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումը կրնայ նոր հանգրուանի մեկնարկ դառնալ»

By Asbarez | Wednesday, 04 June 2014

Տիտիէ Պուրխհալթեր յարգանքի իր տուրքը կու տայ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– ԵԱՀԿի ներկայի նախագահ, Զուիցերիոյ նախագահ, արտաքին գործոց նախարար Տիտիէ Պուրխհալթերի 4 Յունիսին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու նոր հանդիպումը կրնայ հաշտեցման ուղղուած բանակցութիւններու նոր հանգրուանի մեկնարկը դառնալ:


Ան ընդգծած է Մինսկի խումբի ձեւաչափին կարեւորութիւնը. «Լիարժէք յարգանքով կը վերաբերիմ այս բարդ խնդիրի լուծման ձեւաչափին հետ: Մենք չենք թերագնահատեր որեւէ խնդիրի բարդութիւնը կամ կարեւորութիւնը», յայտարարած է ԵԱՀԿի գործող նախագահը:

Տիտիէ Պուրխհալթեր ի համաձայն՝ «կորուստներ եղած են, բայց մենք չենք մոռնար զանոնք»: Ան դիտել տուած է, որ ներկայիս սթաթուս-քօն ոչ մէկ լաւ հեռանկար կը խոստանայ, հետեւաբար անհրաժեշտ է քայլ առ քայլ դէպի խաղաղութիւն շարժիլ: Զուիցերիան, իբրեւ ԵԱՀԿի նախագահող երկիր, բոլոր ջանքերը ի գործ դրած է զինադադարի դրութեամբ ամրապնդման եւ որդեգրման այնպիսի մեքանիզմի մը, որ ընդունելի եւ ողջունելի կ՛ըլլայ բոլոր կողմերէն։

ԵԱՀԿի գործող նախագահը շեշտած է հակամարտութիւնը մատրիտեան սկզբունքներու եւ միջազգային իրաւունքի հիման վրայ լուծելու անհրաժեշտութիւնը: «Մենք կրնանք միջնորդական առաքելութեամբ հանդէս գալ, փորձագիտական մասնակցութիւն, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ ֆինանսական աջակցութիւն ապահովել», ընդգծած է ան՝ աւելցնելով, որ կարելի է նաեւ վստահութեան մթնոլորտի բարելաւման նպատակով աջակցութեան ցուցաբերումը, օրինակ՝ մարդոց միջեւ ուղիղ կապերու հաստատումն ու կենսոլորտային խնդիրներու հանգուցալուծումը: «Խաղաղութեան տարածումը Զուիցերիոյ սահմանադրութեան մէջ ամրագրուած նպատակներէն մէկը կը հանդիսանայ», դիտել տուած է Պուրխհալթեր ։


comments

Advertisement