Հայաստան պիտի շարունակէ աջակցիլ Աֆղանիստանի մէջ ՆԱԹՕի նախաձեռնութիւններուն

By Asbarez | Wednesday, 04 June 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– ՆԱԹՕի գլխաւոր քարտուղար Անտըրս Ֆոք Ռասմուսենի հրաւէրով, 4 Յունիսին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Պրիւքսէլի ՆԱԹՕի կեդրոնին մէջ մասնակցած է Աֆղանիստանի մէջ անվտանգութեան աջակցման միջազգային ուժերու կազմին մէջ զօրախումբ տրամադրող երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու նիստին:


Նիստի ընթացքին քննարկուած են 2014 թուականին աւարտող առաքելութեան եւ 2015 թուականէն նախատեսուող ՆԱԹՕի նոր նախաձեռնութիւններուն, մասնաւորապէս՝ «Վճռական աջակցութիւն» գործողութեան առնչուող հարցեր: Հայկական կողմը անգամ մը եւս հաստատած է, որ ունի կարողութիւններն ու ցանկութիւնը շարունակելու աջակցիլ Աֆղանիստանի մէջ ՆԱԹՕի կողմէ իրականացուող նախաձեռնութիւններուն:

Ժողովին զուգահեռ, նախարար Սէյրան Օհանեան հանդիպում ունեցած է Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարար Ռոպերթա Փինոթթիի հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հայ-իտալական երկկողմանի ռազմական համագործակցութեան առնչուող հարցեր:

Իտալական կողմը բարձր գնահատած է Հայաստանի մասնակցութիւնը միջազգային կայունութեան եւ խաղաղութեան պահպանման գործողութիւններուն՝ յատկապէս ընդգծելով Հայաստանի պատրաստակամութիւնը Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՄԱԿի ՖԻՒՆԻԼի առաքելութեան ուժեր տրամադրելու: Կողմերը ընդգծած են, որ միացեալ մասնակցութիւնը միջազգային խաղաղապահ գործողութեան նոր խթան պիտի հանդիսանայ երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման համար, մասնաւորապէս ռազմական ոստիկանութեան, ռազմական կրթութեան եւ այլ բնագաւառներու մէջ։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցեր: Այս պարունակին մէջ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը բարձր գնահատած է Իտալիոյ կառուցողական եւ հաւասարակշռուած դիրքորոշումը՝ տարածաշրջանային խնդիրներուն վերաբերեալ:

Հանդիպման աւարտին երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներուն կողմէ ստորագրուած է «Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Իտալիայի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան միջեւ Լիբանանում Միաւորուած Ազգերի Ժամանակաւոր Ուժերի շրջանակներում համագործակցութեան եւ օժանդակութեան մասին» համաձայնագիրը, որով կը կարգաւորուին ՖԻՒՆԻԼի իտալական զօրախումբի կազմին մէջ հայկական խաղաղապահ դասակի ընդգրկման ընթացակարգերը:


comments

Advertisement