Եւրոպական Ատեանը կ՛որոշէ քննել Փերինչեքի վճիռը վերատեսութեան ենթարկելու դիմումը

By Asbarez | Wednesday, 04 June 2014


 

ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ.- Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ատեանը Երեքշաբթի, Յունիս 3ին ընդունած է իր վճռաբեկ ատեանին՝ Մեծ պալատին, մօտ քննել Զուիցերիոյ կառավարութեան կողմէ Մարտ 17ին ներկայացուած դիմումը՝ թուրք ազգայնամոլ Տողու Փերինչեքի ի նպաստ Դեկտեմբեր 17, 2013ի վճիռը բեկանելու մասին:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Տողու Փերինչեք, որ Հայկական Հարցին մէջ Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան պաշտպաններէն մէկն է, Զուիցերիոյ զանազան քաղաքներու մէջ, 2005ին, դիտաւորեալ ելոյթներ ունեցած էր՝ պնդելով, որ Հայկական Ցեղասպանութիւնը «միջազգային սուտ» մըն է: Երբ հայկական կազմակերպութիւններ անոր դէմ դատ բացած էին, Զուիցերիոյ իշխանութիւնները Փերինչեքի այս յայտարարութիւնը Ցեղասպանութեան ուրացում նկատած էին ու ցեղասպանութեանց ուրացումը յանցագործութիւն նկատող օրէնքին լոյսին տակ՝ բանտարկութեան վճիռ արձակած էին անոր դէմ: Աւելի ուշ, բանտարկութիւնը փոխարինուած էր դրամական տուգանքով։ Սակայն, Փերինչեք, որ այդ վճիռը բեկանելու համար նախ զուիցերիական ատեաններու դիմած էր, իսկ մերժուելէ ետք՝ դիմած նաեւ Եւրոպական ատեան, կրցած էր իրեն ի նպաստ վճիռ մը ապահովել Եւրոպական ատեանին մէջ: Եւրոպական ատեանը դէմ եկած էր Զուիցերիոյ օրէնքին ու այդ որոշումը բեկանած՝ պնդելով, որ Փերինչեք արտայայտուելու իր ազատութիւնը գործածած էր Զուիցերիոյ մէջ՝ Ցեղասպանութեան մասին խօսելով։

Փերինչեքի ի նպաստ որոշումը մեծ յուսախաբութիւն պատճառած էր հայկական եւ յառաջդիմական շրջանակներու, որոնք կը պահանջեն, որ ցեղասպանութեանց ուրացումը յանցագործութիւն նկատուի ու դուրս բերուի կարծիքի ազատութեան շրջագիծէն։ Այս շրջանակները կողմնակից էին, որ Զուիցերիոյ իշխանութիւնները Եւրոպական ատեանին կողմէ ընդունուած որոշումը բեկանելու համար նոր դիմում մը կատարեն նոյն ատեանին վերին մարմինը հանդիսացող Վճռաբեկ ատեանին։
Թուրքիոյ Մարդկային իրաւունքներու միութիւնը մէկն էր այն մարմիններէն, որոնք Զուիցերիոյ կառավարութիւնը կը քաջալերէին, որ վերոյիշեալ դիմումը կատարեն Վճռաբեկ ատեանին՝ պնդելով, որ Փերինչեքի ըրածը Ցեղասպանութիւնը ուրանալէն աւելի է եւ Թուրքիոյ մէջ հայերու դէմ թշնամութիւն ստեղծելու համազօր արարք է, իբրեւ օրինակ յիշելով Հրանդ Տինքն ու զինուորական ծառայութեան ընթացքին՝ Ապրիլ 24ի օրով սպաննուած Սեւակ Պալըքճըն։

Թուրքիոյ իշխանութիւնները, որոնք գոհ էին Եւրոպական ատեանի որոշումէն, այժմ կը պնդեն, թէ Զուիցերիան քաղաքական կարգ մը պատճառներով է որ վճիռը բեկանելու համար նոր դիմում կատարած է, միաժամանակ յոյս յայտնելով, որ Վճռաբեկ ատեանը «արդար վճիռ պիտի արձակէ Տողու Փերինչեքի ի նպաստ»։
Ցեղասպանութիւնը ուրացող թուրք ազգայնամոլ Տողու Փերինչեքի դէմ վճիռը վերատեսութեան ենթարկելու մասին Զուիցերիոյ դիմումը քննելու շուրջ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ատեանին որոշումով, ըստ փաստաբան Վահէ Գրիգորեանին՝ առաջին անգամ ըլլալով Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին ուղղակիօրէն առնչուող խնդիր մը քննարկման առարկայ պիտի դառնայ միջազգային ատեանի մը մէջ:

Փաստաբանը կը նշէ նաեւ, որ քննութեան այս հանգրուանին, դատավարութեան կրնայ մասնակցիլ նաեւ Եւրոխորհուրդի մարդկային իրաւունքներու յանձնակատարը (իբրեւ երրորդ կողմ):

Իբրեւ երրորդ կողմ, նաեւ կրնան հանդէս գալ ատեանին մասնակից պետութիւններ եւ հասարակական կազմակերպութիւններ՝ ատեանի Մեծ պալատի նախագահին թոյլտուութեամբ:

 


comments

Advertisement