Վանի Հայկական Գերեզմաններու պղծումը կը շարունակուի

By Asbarez | Wednesday, 04 June 2014


 

ՊՈԼԻՍ.- Վանի Արտամէտ շրջանը գտնուող հայկական եկեղեցին եւ գերեզմանատունը թուրք գանձախոյզներու կողմէ տակաւին կը պղծուին. այս մասին կը հաղորդէ «Հայ Թերթ»ը՝ իր տեղեկութիւնը քաղելով «evrensel.net» կայքէն:

Գրեթէ ամբողջութեամբ քանդուած հայկական եկեղեցիին մօտ գտնուող եւ մինչեւ 1915 թուական՝ հայաբնակ թաղամասի բնակիչներու ննջեցեալներուն հանգստավայրը եղող գերեզմանատունը կը շարունակուի պղծուիլ: Ոսկի եւ թանկարժէք այլ իրեր փնտռելու ընթացքին, գանձ որոնողները փորուած գերեզմաններէն դուրս հանած են թաղուած անձերու աճիւնները ու ոսկորները շպրտած աջ ու ձախ, իսկ շուները, իրենց կարգին, այդ ոսկորները հասցուցած են մինչեւ բնակելի թաղամասերը:

Շրջանի բնակիչներէն Եուսուֆ Չիչեք կը նշէ, որ Վանի շրջանի Մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան վարչութեան պաշտօնեաները կը խուսափին խօսելէ այդ մասին:

Այժմ, Էտրեմիթ կոչուող հայկական հին Արտամէտ բնակավայրը կը գտնուի Վան քաղաքէն 12 քլմ. հեռու եւ նշանաւոր էր իր քաղցրահամ խնձորով: Քաղաքը հիմնած է Արտաշէս Ա. թագաւորը, որպէս ամարանոց իր կնոջ՝ Սաթենիկ թագուհիին համար:

1877ին, Արտամէտը՝ 400 տուներով, հայկական մեծ բնակավայր էր, ուր կ՛ապրէին նաեւ թուրքեր: Արտամէտի իսլամները կ՛ապրէին լիճի ափերուն մօտ, իսկ հայերը՝ բարձունքին: Թրքական յաճախակի բռնարարքներու պատճառով, տարիներու ընթացքին բնակչութեան թիւը նուազած է:

1909ին, Արտամէտը ունէր 500 տուն բնակչութիւն, որոնցմէ միայն 150 տունը հայեր էին: Մինչեւ 1915, կանգուն էր անոր Ս. Աստուածածին եկեղեցին: Հայերը ունէին նաեւ ամէնօրեայ վարժարան: 1915ին, Արտամէտի հայերը մասնակցած են Վանի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն եւ նահանջող ռուսական զօրքերուն հետ հաստատուած են արեւելեան Հայաստան:

 


comments

Advertisement