
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Աւելի քան երկու ամիս առաջ տուն կանչուած Հայաստանի մէջ Ուքրանիոյ դեսպան Իւան Քուխթա Երեւան վերադառնալով յայտնած է, որ Քիեւ մտադիր է ամրապնդել Երեւանի հետ յարաբերութիւնները: Նշենք, որ Խրիմի հարցին մէջ Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ Քրեմլին համահունչ դիրքորոշման որդեգրումէն ետք դեսպանը իր երկիրը վերադարձած էր։
«Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին դեսպանը դիտել տուած է, որ նախորդ տարի երկկողմանի առեւտրաշրջանառութիւնը կազմած է մօտ 230 միլիոն տոլար, որմէ 197 միլիոնը ուքրանական արտածումն է դէպի Հայաստան։
Անոր համաձայն՝ Ուքրանիան եւ Հայաստանը միշտ ունեցած են լաւ յարաբերութիւններ, այժմ ալ ունին եւ ապագային եւս պիտի ունենան նման յարաբերութիւններ: «Երկամսեայ խորհրդակցութիւններէն ետք կ՛ուզեմ նշել, որ երախտապարտ ենք, որ Մայիս 25ին Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններէն ետք, Հայաստան առաջին երկիրներէն էր, որ ճանչցաւ այդ ընտրութիւնները: Ասիկա շատ բարեացակամ, լաւ դիւանագիտական քայլ էր: Ուստի, վերադարձայ Երեւան պարտականութիւններս կատարելու», ըսած է Իւան Քուխթա։
Ան արդէն հանդիպում ունեցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ, եւ երկխօսութեան ընթացքին հաստատուած է այն, որ Երեւանն ու Քիեւը հետաքրքրուած են երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացմամբ:
«Կ՛ուզեմ աւելին ըսել, Ուքրանիա պաշտօնական հրաւէր ուղղած է Հայաստանի ղեկավարութեան՝ մասնակցելու նորընտիր նախագահի երդմնակալութեան արարողութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 7 Յունիսին Քիեւի մէջ։ Իմ տուեալներովս, հայկական կողմը պատրաստ է ներկայացուցիչ ուղարկելու», տեղեկացուցած է դեսպանը:
Խրիմի առնչութեամբ Հայաստանի կեցուածքին մասին հարցումին պատասխանելով՝ դեսպանը յայտնած է. «Հայաստանը իր այդ դիրքորոշումը կը հիմնաւորէ հետեւեալ ձեւով՝ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը իր արտաքին քաղաքական հիմնական սկզբունքն է: Ուստի, Երեւանի մէջ ղեկավարուած են այդ սկզբունքով: Հայաստան ըսաւ, որ ոչինչ ունի Ուքրանիոյ հետ, այլ կողմ է ազգերու ինքնորոշման իրաւունքին: Այս էր պաշտօնական Երեւանի պարզաբանումը»։
«Հայաստանի իշխանութիւնները ի՞նչ փոխանցած են ձեզի, կը ճանչնա՞ն Խրիմի բռնագրաւումը», հարցուցած է թղթակիցը, իսկ դեսպանը դիտել տուած է, որ իրենք այդ հարցերը չեն քննարկած։