Ալիեւ երախտապարտ է Նազարպաեւին

By Asbarez | Thursday, 05 June 2014

 



Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Ղազախստանի իր գործընկերոջ՝ Նուրսուլթան Նազարպաեւին, Եւրասիական բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդի նիստին ընթացքին «Հայաստանի՝ ԵՄին անդամակցելու կապակցութեամբ Պաքուի դիրքորոշման աջակցելուն համար»: Ալիեւ իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Թուրքիոյ Պոտրում քաղաքին մէջ Հինգշաբթի, Յունիս 5ին կայացած թրքախօս երկիրներու գերաժողովին ընթացքին:

Յիշեցնենք, որ Մայիս 29ին, Նազարպաեւ Ալիեւի նամակը կարդացած էր Մաքսային միութեան բոլոր անդամ երկիրներու ղեկավարներուն՝ յայտարարելով, որ Հայաստան Եւրասիական միութեան պէտք է անդամակցի միայն ՄԱԿի կողմէ ճանչցուած սահմաններով, այսինքն՝ առանց Լեռնային Ղարաբաղի: Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան անմիջապէս չէր պատասխանած նշեալ նիստը հիւրընկալող երկիրին՝ Ղազախստանի նախագահի դիտողութեան, սակայն երկու օր ետք, Հայաստանի մէջ «տհաճ» որակած էր այդ դիտողութիւնը՝ աւելցնելով, թէ Նազարպաեւի յայտարարութիւնը վնաս չի հասցներ Հայաստանին:
Ալիեւ եւ Նազարպաեւ Յունիս 5ին նաեւ կարծիքներ փոխանակած են ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ. այս մասին հաղորդած է ռուսական «Ռիա Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:

Նշեալ երկուքին կողքին, թրքախօս երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդի չորրորդ գերաստիճանին մասնակցած են Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ, Ղրղզստանի նախագահ Ալմազպեկ Աթամպաեւ եւ Թիւրքմէնիստանի նախագահ Կուրպանկուլու Պերտիմուհամետով, ինչպէս նաեւ նշեալ երկիրներու արտաքին գործոց, մշակոյթի ու զբօսաշրջութեան նախարարները:

Ալիեւ անջատ հանդիպում մը ունեցած է Կիւլի հետ եւ ապա եռակողմ հանդիպում մը տեղի ունեցած է Ալիեւի, Կիւլի եւ Պերտիմուհամետովի միջեւ:

 


comments

Advertisement