Ռոհանի այսօր Թուրքիա պիտի այցելէ

By Asbarez | Friday, 06 June 2014

Թրքական պետական աղբիւր մը «Ռաշա Թուտէյ»ին յայտնած է, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի Երկուշաբթի, Յունիս 9ին, նախագահ ընտրուելէն ետք առաջին անգամ ըլլալով պիտի այցելէ Թուրքիա:


Թուրք պաշտօնատարը ըսած է, որ Ռոհանի Անգարայի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ իր պաշտօնակից Ապտուլլահ Կիւլի ու Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ, քննելու համար երկկողմանի յարաբերութիւնները սերտացնելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի կացութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: «Իրանի նախագահին պիտի ընկերակցի նախարարներէ բաղկացած մեծ պատուիրակութիւն մը», նշած է աղբիւրը:

Իրանեան աղբիւրներ հաստատած են լուրը՝ աւելցնելով, թէ շարք մը համաձայնագիրներ կրնան ստորագրուիլ այցելութեան ընթացքին:

Յունիս 5ին, իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդած էր, թէ Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ 2013ին արձանագրուած երկկողմանի առեւտուրը 24.5 միլիառ տոլարի հասած է: æանքեր կը տարուին մինչեւ 2015՝ այդ գումարը 30 միլիառ տոլարի հասցնելու ուղղութեամբ: Նշենք, որ Ռուսիայէն ետք, Իրան Թուրքիոյ բնական կազ ծախող գլխաւոր երկիրն է:


comments

Advertisement