By Asbarez | Friday, 06 June 2014
6 Յունիսին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան փրկարար ծառայութեան բնակչութեան պաշտպանութեան եւ աղէտներու հետեւանքներու վերացման կազմակերպման վարչութեան պետ Յովհաննէս Ենիչեան դիտել տուած է, որ այս տարուան Յուլիսէն Հայաստան պիտի սկսի Ճափոնի հետ կիրարկել հակասողանքային նոր ծրագիրներ։
Ենիչեան նշած է, որ ծրագիրը մշակած եւ Ճափոնի կառավարութեան առաջարկած է Հայաստանի կառավարութիւնը: Ծրագիրը արդէն հաստատուած է. «Աշխատանքները նախատեսուած է սկսել Յուլիսից: Ծրագրի ընդհանուր գումարը կը կազմի 2.5-3.2 միլիոն դոլար», յայտնած է ան։
Ծրագիրով կը նախատեսուի հետազօտութիւններ եւ ուսումնասիրութիւններ կատարել սողանքային մարմիններու վրայ: Բացի ատկէ, հայ մասնագէտները ճափոնցիներուն հետ ուսուցման դասընթացներ պիտի ունենան՝ անոնց փորձառութենէն օգտուելու համար։ Ծրագիրը պիտի տեւէ 2-2,5 տարի:
Ենիչեան յայտնած է. «Ճապոնիայում էլ սողանքներ շատ կան, սակայն այնտեղ հակասողանքային միջոցառումները իդէալական են իրականացւում, ուստի անհրաժեշտ է ամէն ինչ անել ճապոնական փորձը իւրացնելու եւ այն Հայաստանում ներդնելու համար՝ հաշուի առնելով, որ Հայաստանը նոյնպէս վտանգաւոր սողանքային գօտիներ ունի: Հայաստանում կայ 3000ից աւել սողանքային գօտի, սակայն կառավարութեան կողմից վտանգաւոր են ճանաչուել դրանցից 131ը, որոնք վտանգաւոր են թէ՛ բնակավայրերի, թէ՛ ճանապարհների համար»:
Այս ծրագիրին մէջ հիմնականօրէն ներգրաւուած է արտակարգ Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը՝ մասնակցութեամբ կապի եւ փոխադրութեան, ուժանիւթի եւ մշակոյթի նախարարութիւններուն:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ