By Asbarez | Friday, 06 June 2014

Նոպէլեան մրցանակակիր թուրք գրող Օրհան Փամուք, Թուրքիոյ մէջ վերջերս արձանագրուած բացասական իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ խստօրէն քննադատած է վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը:
Ֆրանսական «Le Nouvel Observateur» թերթին հետ զրոյցին ընթացքին, Փամուք ըսած է, որ Էրտողան կ՛ուզէ երկիրը իր հակակշիռին տակ պահել, սակայն կորսնցուցած է զայն ղեկավարելու կարողութիւնը եւ այդ պատճառով ալ՝ խուճապի մատնուած:
«Էրտողան վերածուած է վրիժառու առաջնորդի», ըսած է Փամուք, աւելցնելով, թէ հակառակ այս բոլորին, Էրտողան կը պահէ իր հեղինակութիւնը՝ շնորհիւ Թուրքիոյ մէջ արձանագրուող տնտեսական աճին:
Անդրադառնալով Օգոստոսին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններուն՝ Փամուք հաւանական համարած է, որ թրքական հասարակութեան ստուար հատուած մը պիտի քուէարկէ Էրտողանի ի նպաստ, զայն նախագահ ընտրելու համար:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ