Իրան եւ Թուրքիա կը խոստանան պայքարիլ ծայրայեղականութեան դէմ

By Asbarez | Monday, 09 June 2014

 

ԱՆԳԱՐԱ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Պաշտօնական այցելութեամբ Թուրքիա գտնուող Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի Երկուշաբթի, Յունիս 9ին հանդիպում մը ունեցաւ Ապտուլլահ Կիւլի հետ, խորհրդակցելով երկկողմանի յարաբերութիւնները սերտացնելու կարելիութիւններուն եւ Միջին Արեւելքի կացութեան վերաբերող շարք մը հարցերու շուրջ:


Հակառակ այն իրողութեան, որ երկու երկիրները կարգ մը հարցերու մէջ տարակարտծիք կը մնան, նախագահները յայտարարեցին, թէ իրենց գործակցութիւնը պիտի սերտացնեն, որպէսզի կարելի ըլլայ միասնաբար պայքարիլ ծայրայեղականութեան դէմ, վերջ տալու համար շրջանին մէջ շարունակուող արիւնահեղութեանց:
Ռոհանի աւելի ուշ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:

Իրանի նախագահին կ՛ընկերակցին խումբ մը նախարարներէ եւ գործարարներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, որոնց անդամնելրը մօտաւորապէս 10 համաձայնագիրներ ստորագրած են, երկկողմանի առեւտուրը զարգացնելու նպատակով:


comments

Advertisement