By Asbarez | Monday, 09 June 2014

ԹԵՀՐԱՆ, «Տէյլի Սթար».- Իրանեան լրատու գործակալութիւններ կը հաղորդեն, որ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ Երկուշաբթի, Յունիս 9ին ուղղակի բանակցութիւններ սկսած են, որոնք 1979էն ի վեր առաջինն են իրենց տեսակին մէջ:
Ժընեւի մէջ կայացող երկօրեայ բանակցութիւններուն ընթացքին, Իրանի հիւլէական ծրագիրի պատասխանատու Ապպաս Արաքճիի գլխաւորած իրանեան պատուիրակութիւնը պիտի փորձէ Յուլիս 20էն առաջ՝ Թեհրանի եւ Արեւմուտքի միջեւ կնքուելիք լայնածաւալ համաձայնագիրին շուրջ համաձայնութիւն մը գոյացնել Միացեալ Նահանգներու պատուիրակութեան հետ: Ամերիկեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալներէն եւ Մոսկուայի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ուիլեըմ Պըրնզ:
Մինչեւ Յունիս 16 նախատեսուած «վեցեակ»ի հետ հանդիպումը, Թեհրանի ներկայացուցիչները պիտի բանակցին նաեւ ռուսական կողմին հետ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ