Խրիմը Ուքրանիոյ Կը Պատկանի. Փորոշենքօ

By Asbarez | Monday, 09 June 2014

ՔԻԵՒ, «Ռոյթըրզ».- Ուքրանիոյ նորընտիր նախագահ Փեթրօ Փորոշենքօ, Շաբաթ, Յունիս 7ին, խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած երդման արարողութենէն ետք յայտարարած է, որ Խրիմը Ուքրանիոյ կը պատկանի եւ այդպէս պիտի մնայ:


«Ես յստակօրէն ատիկա Նորմանտիի մէջ ըսի ռուս ղեկավարութեան», ըսած է Փորոշենքօ, ակնարկելով անցեալ շաբաթ Ֆրանսայի մէջ իր եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ տեղի ունեցած կարճատեւ հանդիպման:

Փորոշենքօ յայտարարած է նաեւ, որ պատրաստ է ստորագրելու Եւրոմիութեան հետ ընկերակցութեան համաձայնագիրը, «կարելի եղածին չափ շուտ», յոյս յայտնելով, որ Ուքրանիա ապագային մաս կը կազմէ Եւրոմիութեան:

Միւս կողմէ, անցնող շաբաթավերջին Տոնեցքի բարձրագոյն խորհուրդի փոխնախագահ Մաքսիմ Փեթրուխ սպաննուած է անծանօթ զինեալներու կողմէ: Քիեւէն անկախութիւն հռչակած Տոնեցքի ղեկավարները ահաբեկման պատասխանատուն Քիեւը կը նկատեն:


comments

Advertisement