Ապպաս եւ Փերեզ Վատիկանի մէջ մասնակցեցան միացեալ աղօթքի

By Asbarez | Monday, 09 June 2014

 

ՎԱՏԻԿԱՆ, «Էյ.Փի.».- Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս եւ Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերեզ Կիրակի, Յունիս 8ին Վատիկանի մէջ մասնակցեցան միացեալ աղօթքի մը՝ ընդառաջելով Ֆրանսիս պապի հրաւէրին: Երկու քաղաքական ղեկավարներուն կողքին աղօթքին մասնակցեցաւ նաեւ Յոյն ուղղափառներու Բարթողոմէոս տիեզերական պատրիարքը: Աղօթքները կատարուեցան կրօններուն հաստատման ժամանակագրութեան կարգով՝ հրէական, քրիստոնէական, ապա իսլամական: Ֆրանսիս պապը ընդգծեց, որ խաղաղութեան հաստատումը աւելի քաջութիւն կը պահանջէ, քան պատերազմ մղելը:


comments

Advertisement