By Asbarez | Monday, 09 June 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– «Հայկական ուժերը պատրաստւում են շօշափելի հարուածներ հասցնել ադրբեջանական կողմին, եւ այդ ուղղութեամբ նախապատրաստութիւններն ընթացքի մէջ են», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է պաշտօնաթող զօր. Արկադի Տէր Թադեւոսեան՝ նշելով, թէ «ինքը նման տեղեկութիւններ ունի»:
Ան ակնարկութիւն կը կատարեն 5 Յունիսին շփման գիծին վրայ ատրպէյճանական կողմէ զինադադարի խախտման, որուն իբրեւ հետեւանք երկու հայ զինուորներ նահատակուեցան։
«Եթէ մերոնք առաջիկայում պատասխան հարուածներ չհասցնեն, ադրբեջանցիները կը համարեն, որ մենք թուլացել ենք: Պէտք է միայն հարուածներ հասցնել, ընդ որում՝ շօշափելի հարուածներ: Ես ոչ միայն սպասում եմ, այլեւ գիտեմ, որ նման հարուած նախապատրաստւում », դիտել տուած է Արկադի Տէր Թադեւոսեան:
Անոր համաձայն՝ Ռուսիայէն սպառազինութիւն գնելով ու սահմանին վրայ նման քայլերու դիմելով՝ Ատրպէյճան նպատակ ունի ճնշում գործադրել Հայաստանի եւ միջազգային միջնորդներուն վրայ, որպէսզի բանակցային գործընթացին մէջ կարելի եղածին չափ տեղ տան Պաքուի ցանկութիւններուն:
«Նպատակը պատերազմ սկսելը չէ: Հաշուի առնելով Ադրբեջանի պարտաւորութիւններն ու առաջիկայ տարիների ծրագրերը միջազգային էներգետիկոլորտում, հայկական ուժերի մօտ առկայ սպառազինութիւնը, ուժերի յարաբերակցութիւնը, հայ-ռուսական պայմանաւորուածութիւնները, միջազգային հանրութեան՝ Միացեալ Նահանգների, Եւրամիութեան ու Իրանի, բացասական մօտեցումը Ղարաբաղում ստատուս քուոն ուժով փոխելու որեւէ նախաձեռնութեան հետ կապուած, չեմ կարծում, որ Բաքւում նպատակ են հետապնդում պատերազմ սկսել», դիտել տուած է ան:
Ըստ Տէր Թադեւոսեան. «Ադրբեջանն այն ռեսուրսը չունի, որպէսզի կարողանայ միայնակ փոխել ուժերի յարաբերակցութիւնը Հարաւային Կովկասում, ուր ներկայացուած են նաեւ գերտերութիւնները, իսկ պատերազմը նշանակում է, որ դու անտեսում ես գոյութիւն ունեցող շահերը եւ ուզում ես փոխել իրավիճակը»:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ