By Asbarez | Monday, 09 June 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Ռադիօլուր».– 30 Մայիսէն 1 Յունիս Ազգային ժողովի պատուիրակութիւնը մասնակցած է Վիլնիւսի մէջ կայացած ՆԱԹՕի Խորհրդարանական վեհաժողովի աշխատանքներուն:
9 Յունիսին պատգամաւորները լրագրողներուն ներկայացուցած են, թէ ինչ ընթացք ունեցած են այդ աշխատանքները, եւ թէ հայկական պատուիրակութիւնը ի՛նչ հարցեր բարձրացուցած է: Անոնց համաձայն՝ ընդհանուր աշխատանքներուն մէջ առանցքային եղած է ուքրանական դէպքերու ներկայացումն ու վերլուծութիւնը՝ անոնց առնչուող բոլոր խնդիրներով: Բայց ամէն պարագայի որոշ անդրադարձ կատարուած է նաեւ հայերը յուզող խնդիրներուն:
ՆԱԹՕի Խորհրդարանական վեհաժողովի քաղաքական յանձնաժողովի նիստին հայկական պատուիրակները բարձրացուցած են Սուրիոյ, մասնաւորապէս հայաշատ Քեսապ քաղաքին մէջ Թուրքիոյ մասնակցութեամբ տեղի ունեցած դէպքերը: Հայկական պատուիրակութեան ղեկավար, հանրապետական պատգամաւոր Կորիւն Նահապետեանի բարձրացուցած հարցը ունէր յստակ ենթապարունակ՝ ի՛նչ քայլերու կրնայ դիմել ՆԱԹՕն, որ իր անդամ երկիրներուն կողմէ նման քայլեր չառնուին։
«Մեր մտահոգութիւնն արտայայտեցինք, որ Թուրքիայի տարածքից ներթափանցել են իսլամական ծայրայեղ ուժեր եւ մեր ունեցած տեղեկութիւններով Թուրքիայի կառավարութիւնը ֆինանսական աջակցութիւն է ցուցաբերում այդ ծայրայեղական ուժերին: Թուրքիայի պատուիրակն անմիջապէս արձագանգեց՝ նշելով, որ Թուրքիայի պատուիրակութեան կողմից որեւէ մասնակցութիւն չկայ Հալէպում եւ Սիրիայում տեղի ունեցած իրադարձութիւններում: Ցաւօք, որեւէ արձանանգ յետոյ տեղի չունեցաւ զեկուցողի կողմից»:
Այս իմաստով ՆԱԹՕի վեհաժողովին հայկական պատուիրակութիւնը շատ ընելիք չունի, քանի որ պարզապէս ընկերակից անդամ է եւ նոր դիմում ներկայացուցած է, որ հայ պատուիրակները տարբեր հարցերու քննարկումներուն ընթացքին ելոյթներով հանդէս գան։ Տարբեր հարցեր անարձագանգ ձգելու երեւոյթին անդրադարձած է հայկական պատուիրակութեան մէկ այլ անդամ՝ Թեւան Պօղոսեանը:
«ՆԱՏՕն 28 երկրների գործընկերների մի համագործակցութիւն է չկայ ոչ տրադիցիա, ոչ սովորութիւն գործընկերոջը որեւէ մի ձեւ նեղացնել: Ցաւօք սրտի Հայաստանը անդամակցում է ՀԱՊԿին, որտեղ այդ տրադիցիան չի ձեւաւորուել: Հակառակը՝ գործընկերները կարող են դնել շատ վատ վիճակի մէջ: ՆԱՏՕում փորձել սպասել կամ ակնկալել, որորեւէ մէկը այնտեղ բաց տեքստով Թուրքիայի վրայ մատ թափ կը տար տեղիչի ունենալու: Մի գուցէ փակ դռների յետեւում դա անում են, բայց դա այլ հարց է»:
Հայ պատուիրակները նշած են, որ ՆԱԹՕն պատրաստ է Հայաստանի հետ ընդլայնել երկկողմանի յարաբերութիւնները այնքանով, որքանով Հայաստանը նպատակայարմար կը նկատէ: Իսկ Հայաստանի ակնկալութիւնները շատ են: Կորիւն Նահապետեանը նշած է. «ՆԱՏՕի ղեկավարութեանը տեղեկացրել են հայկական կողմի ցանկութեան մասին՝ մասնակցել Բաքւում կայանալիք «Ռոուզ Ռոդ» սեմինարին, թէ ինչպէս այդ հարցը կը լուծուի պարզ չէ: Բայց յաջորդ նմանատիպ սեմինարը յաջորդ տարի Երեւանում անցկացնելու պաշտօնական առաջարկը հայկական կողմն արդէն փոխանցել է ՆԱՏՕի ղեկավարութեանը: Ինչ վերաբերում է այդ կառոյցի Խորհրդարանական Վեհաժողովի ընդհանուր աշխատանքին, ապա այն ընդհանրապէս ունեցել է կոնկրէտ հակառուսական ուղղուածութիւն՝ ուկրաինական դէպքերի հետ կապուած: Նոյնիսկ ընդունուել է Ուկրանիայի աջակցութեան Հռչակագիր: Այս առումով Հայաստանը՝ իր ռազմավարական գործընկեր Ռուսաստանից մտահոգուելու առիթ չունի»։
«Որպէս ասոցիացուած անդամ կարող ենք միայն մասնակցել քննարկումների, ներկայացնել հարցադրումներ, մեկնաբանութիւններ անել, բայց քուէարկելու իրաւունք չունենք եւ այդ առումով, բնականաբար, Ուկրաինային աջակցութեան վերաբերեալ Հռչակագրի քուէարկութեան ժամանակ չենք մասնակցել քուէարկութեանը», աւելցուցած է ան:
ՆԱԹՕի ժողովին առանցքային եղած է նաեւ հետեւեալ մօտեցումը՝ թէ պէտք է աւելցնեն պաշտպանական ծախսերը: Թեւան Պօղոսեան մտահոգ է այն երեւոյթով, որ՝ «այս ամէնը չվերածուի սպառազինման նոր մրցավազքի»:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ