Լիճէի զինուորական կեդրոնի դրօշակը վար կ՛առնուի

By Asbarez | Tuesday, 10 June 2014

 

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Տիգրանակերտի Լիճէ շրջանին մէջ անցնող շաբաթավերջին տեղի ունեցած երկու քիւրտ ցուցարարներու սպանութիւնը դարձեալ տակնուվրայ ըրած է քիւրտերու հետ հաշտութիւն կնքելու ջանքերը: Իսկ Երկուշաբթի, Յունիս 9ին պատահեցաւ ուրիշ դէպք մը, որ ամբողջ երկիրը ոտքի հանեց։ Անիկա թրքական դրօշակը վար առնելու գործողութիւն մըն էր, որ դարձեալ պատահեցաւ Լիճէի մէջ։


Արդարեւ, Լիճէի մէջ զինուորներու կողմէ սպաննուած ցուցարարներէն մէկուն գերեզմանը այցելած քիւրտերը սկսած են ցոյց մը կատարելու գերեզմանատան մօտ գտնուող օդուժի հրամանատարութեան կեդրոնին առջեւ։ Այդ միջոցին, երեսին դիմակ անցուցած անձ մը մտած է զինուորական կեդրոնը ու սկսած է մագլցելու դրօշակի ձողէն ի վեր, ապա դրօշակը վար առած ու փախուստ տուած է:

Թուրքիոյ զինուորական հրամանատարութիւնը խստօրէն դատապարտեց այս արարքը՝ զայն նկատելով զանգուածները գրգռելու ու զանոնք փողոց հանելու փորձ մը:
Նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ եւս անմիջապէս պախարակեց պատահարը, իսկ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, Թուրքիա այցելող Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիի հետ իր հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին դատապարտեց դրօշակը վար առնելու արարքը՝ ազդարարելով, որ այդ արարքին պատասխանատուները «գինը պիտի վճարեն»։ Ան նաեւ քննադատեց այն զինուորներն ու հրամանատարները, որոնք չեն կրցած կասեցնել ներթափանցումը:
Դատապարտութեան յայտարարութիւն մըն ալ եկաւ քրտամէտ Ժողովրդային ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սեպահաթ Թունճելէն, որ անընդունելի նկատեց դրօշակը վար առնելու արարքը, բայց միաժամանակ զսպուածութեան կոչ ըրաւ բոլորին:


comments

Advertisement