Իսլամ ծայրայեղականներ կը գրաւեն Իրաքի Մոսուլ քաղաքը

By Asbarez | Tuesday, 10 June 2014


ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Իսլամ ծայրայեղականներու Իրաքի եւ Շեմի իսլամական պետութեան զինեալները Երեքշաբթի, Յունիս 10ին կրցած են իրենց ամբողջական հակակշիռին տակ առնել հիւսիսային Իրաքի Մոսուլ քաղաքը՝ ազատ արձակելով հարիւրաւոր բանտարկեալներ: Մոսուլը Իրաքի երկրորդ մեծագոյն քաղաքն է:

Իրաքի եւ Սուրիոյ սահմանային շրջաններուն մէջ վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին իր դիրքերը զգալիօրէն զօրացուցած այս կազմակերպութիւնը, որուն բռնարարքները նոյնիսկ «Քայիտա»ի ղեկավարութեան կողմէ ծայրայեղական կը նկատուին, անցեալ շաբաթ սկսած էր Մոսուլի վրայ յարձակումին եւ Յունիս 9ին կրցած էր քաղաքին մէկ մասը իր հակակշիռին տակ առնել:


Իրաքի իշխանութիւնները դատապարտեցին յարձակումը, ինչպէս նաեւ այն իրողութիւնը, որ շրջանի ապահովական ուժերը դասալիք ըլլալով փախուստ տուած էին՝ դիւրացնելով ծայրայեղականներուն յառաջխաղացքը:

Հիւսիսային Իրաքի քրտական իշխանութիւնները պատրաստակամութիւն յայտնեցին օժանդակութիւն տրամադրելու Իրաքի կեդրոնական իշխանութեանց, որպէսզի կարելի ըլլայ վերագրաւել Մոսուլը, մինչ Իրաքի խորհրդարանի նախագահը ամերիկեան միջամտութեան կոչ ըրաւ: Ըստ քրտական աղբիւրներու՝ տեղական մարմինները մէկ օր առաջ մերժած էին քրտական տարածքէն դուրս գտնուող Մոսուլին վրայ յարձակումը կասեցնելու նպատակով՝ քիւրտերուն առաջադրած ռազմական օժանդակութիւնը:
Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի այս առթիւ կոչ ըրաւ խորհրդարանին, որ արտակարգ դրութիւն հռչակէ երկրին մէջ:


comments

Advertisement