Օճալան հաշտութեան գործընթացին ապագայով լաւատես կը մնայ

By Asbarez | Tuesday, 10 June 2014

 

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Քրտամէտ Ժողովրդային ժողովրդավարութիւն կուսակցութենէն պատուիրակութիւն մը Յունիս 9ին հանդիպում մը ունեցած է ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած քիւրտ ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանի հետ, որ նախ անցնող շաբաթավերջին սպաննուած երկու քաղաքացիներուն համար ցաւակցութիւն յայտնած է Լիճէի ժողովուրդին՝ յոյս յայտնելով, որ անոնք քրտական պայքարին համար զոհուած վերջին երկու անձերը կ՛ըլլան։ Օճալան ըսած է նաեւ, որ տակաւին իր յոյսը չէ հատած եւ կ՛ուզէ, որ ամէն մարդ յարգէ այն գոյավիճակը, որուն հասած են՝ այսքան զոհեր տալով։ Ան ընդունած է, որ վերջին պատահարները կրնան դժուարացնել հաշտութեան գործընթացը, սակայն եւ կը հաւատայ, որ գործընթացը պիտի յաջողի՝ շեշտելով զայն թափանցիկ դարձնելու կարեւորութիւնը:


Ան անդրադարձած է նաեւ Լիճէի մէջ դրօշակը վար առնելու արարքին ու ըսած, որ ինք միշտ յարգանք պահանջած է ազգերու խորհրդանշաններուն նկատմամբ՝ դատապարտելով այդ արարքը:


Օճալան եզրակացուցած է, թէ բանակին ու քիւրտերուն միջեւ զինեալ բախումներուն դադրած ըլլալը մեծ բախտաւորութիւն է եւ հիմա ամէն մարդ պարտաւոր է պահելու զինադադարը:


comments

Advertisement