Ատրպէյճանի մասին Մորնինկսթարի խօսքերը սխա՞լ մեկնաբանուած են

By Asbarez | Tuesday, 10 June 2014

ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Հաքքին» կայքը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մորնինկսթար մեկնաբանած է «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի ատրպէյճանական ծառայութեան տուած իր հարցազրոյցին լրատուութիւնը, որուն մէջ ան չէր բացառած, թէ Պաքուի մէջ կրնան կրկնուիլ Քիեւի իրադարձութիւնները:


«Մենք Ատրպէյճանի անկախութեան 23 տարիներուն ընթացքին երբեք չենք միջամտած անոր ներքին գործերուն: Ես պարզապէս կը ներկայացնէի իմ տեսակէտս որոշ հարցերու շուրջ՝ Միացեալ Նահանգներու հաւասարակշռուած քաղաքականութեան բերումով: Եթէ իմ հարցազրոյցէս ետք հանրութեան եւ մինչեւ իսկ կառավարութեան շրջանակներուն մէջ կը քննարկուի տեսակէտս, ապա կը կարծեմ, որ անիկա հասած է իր նպատակին», յայտնած է ան՝ պնդելով, որ իր խօսքերը ճիշդ չեն ներկայացուած ու մեկնաբանուած:


Մորնինկսթար նաեւ ընդգծած է, որ ինք բառացիօրէն հետեւեալը ըսած է. «Եթէ չափազանց խիստ վերաբերմունք ըլլայ քաղաքացիական հասարակութեան նկատմամբ, եւ անոր շնչելու կարելիութիւն չտան, ապա ատիկա կրնայ անցանկալի հետեւանքներու յանգեցնել: Եթէ ոչ այսօր, ապա՝ հինգ, տասը, քսան տարի ետք»:
Մորնինկսթար յայտարարած է, որ Ատրպէյճանի կայունութեան եւ զարգացման ապահովման համար անհրաժեշտ է ստեղծել պայմաններ՝ քաղաքացիական հասարակութեան ազատ գործունէութեան համար:


comments

Advertisement