Պասքերը անկախութեան ի նպաստ մարդկային շղթայ կը կազմեն

By Asbarez | Tuesday, 10 June 2014

ՄԱՏՐԻՏ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Մօտաւորապէս 150,000 պասքեր Կիրակի, Յունիս 8ին 76 մղոն երկայնքով մարդկային շղթայ մը կազմած են, ներկայիս Սպանիոյ մէկ նահանգը հանդիսացող պասքերու շրջանին մէջ անկախութեան կոչ ընելով: Նախաձեռնութիւնը անուանուած էր «Մեր ձեռքերուն մէջ է»: Ցուցարարները կը պահանջէին կատարել շրջանային հանրաքուէ մը՝ պասքերու շրջանը Սպանիայէն անջատելու հարցով:


Մարդկային շղթան երկարած է Տուրանկօ քաղաքէն մինչեւ Փամփլոնա: Վերջինս Նաւարա շրջանէն մաս մըն է, սակայն այդ քաղաքը պասքերուն կողմէ իրենցը կը նկատուի:

Անցեալ տարի նման նախաձեռնութիւն մը կազմակերպուած էր Սպանիոյ Քաթալոնիա շրջանին մէջ: Պասքերը, որոնք ժամանակ մը իրենց անկախութեան համար նաեւ զինեալ պայքար կը մղէին, ներկայիս կ՛ապրին ինքնավար շրջանի մը մէջ, որուն բնակչութեան թիւը 2.2 միլիոն է: 1968էն 2010ի միջեւ, անոնց մղած զինեալ պայքարը մօտաւորապէս 850 զոհ խլած էր:


comments

Advertisement