Թեր ու դէմ կարծիքներ՝ Թուրքիոյ նախագահին ուղղուած Երեւան այցելելու հրաւէրին մասին

By Asbarez | Tuesday, 10 June 2014

 

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Սթար» թերթի կայքին վրայ հրատարակուած է Մենսուր Աքկիւնի ստորագրութեամբ յօդուած մը, որ կը քննարկէ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ Թուրքիոյ նախագահին ուղղուած հրաւէրը՝ յառաջիկայ Ապրիլ 24ին Երեւան այցելելու ու հարիւրամեակի ոգեկոչման ներկայ գտնուելու կապակցութեամբ։


Յօդուածագիրին կարծիքն այն է, որ Թուրքիա պէտք չէ մերժէ այս հրաւէրը, որովհետեւ այս հրաւէրը Թուրքիան պիտի փրկէ պատմութեան բեռէն ու Թուրքիոյ վարկը պիտի բարձրացնէ աշխարհի մէջ: Ան կ՛աւելցնէ, թէ նախկան Թուրքիոյ նախագահին Երեւան մեկնիլը, Անգարա պէտք է որոշ քայլերու նախաձեռնէ՝ «1915ի դէպքերը» իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչնալու գծով:

Բաւական կնճռոտ ոճով գրուած յօդուածին հեղինակը, վերջին հաշուով կ՛առաջարկէ, որ Թուրքիա յատուկ ջանք թափէ զատորոշելու համար «ցեղասպանութեան իրաւական յատկանիշներն ու անոր քաղաքական յատկանիշները»։ «Եթէ ցեղասպանութիւն բառէն վերցուին իրաւական յատկանիշները, եթէ պահուի միայն քաղաքական յատկանիշը, ապա այդ պարագային՝ Թուրքիա կրնայ ընդունիլ, որ 1915ը ցեղասպանութիւն էր։ Ասիկա վարչապետ Էրտողանի կողմէ Ապրիլ 23ին, 1915ի զոհերուն համար յայտնուած ցաւակցութեան բնական հետեւանքը կրնայ ըլլալ», գրած է ան։

«Թուրքիա, որ վարչապետին այդ յայտարարութեամբ բարոյական վարկ շահեցաւ, առաւել վարկ պիտի շահի, եթէ Թուրքիոյ հանրապետութեան նախագահն ալ Երեւան երթայ յառաջիկայ Ապրիլ 24ին», եզրակացուցած է Աքկիւն։

Միւս կողմէ, Եւրասիոյ հետազօտութիւններու կեդրոնի անդամ Էօմեր Էնկին Լիւթեմ, որ միշտ պաշտպանը կանգնած է Հայկական Հարցին մէջ Թուրքիոյ պետական տեսակէտներուն, պատասխանած է վերոյիշեալ յօդուածին ու պաշտպանած հակառակ տեսակէտը։ Ըստ Լիւթեմի՝ այս հրաւէրը, որ անսովոր բան մը ըլլալով հանդերձ՝ սպասուած հակազդեցութիւնը տակաւին չէ ստեղծած մամուլին մէջ, շատ դիտումնաւոր կերպով կը ղրկուի Թուրքիոյ նախագահութեան։ Հակազդեցութիւնը դեռ չէ ստեղծուած, որովհետեւ Թուրքիա ներկայիս կը տառապի այլ խնդիրներէ։ «Այդ պատճառաւ ալ, մամուլին մէջ գտնուեցաւ անձ մը, որ պնդեց թէ Թուրքիոյ նախագահը պէտք է երթայ Երեւան՝ ըսելով, որ այդ քայլը մեզ պիտի փրկէ պատմութեան բեռէն ու արտաքին քաղաքականութեան մէջ մեզ կը պարգեւէ բարոյական վարկ։ Հիմնովին սխալ տեսակէտ է այս, որովհետեւ ատիկա մեզ ոչ միայն չի փրկեր պատմութեան բեռէն, այլեւ նոր բեռեր կը դնէ մեր ուսերուն վրայ։ Գալով բարոյական վարկ շահելու խնդիրին՝ արտաքին քաղաքականութեան մէջ բարոյական վարկը չէ որ կը զօրացնէ մեզ, այլ ուժեղ երկիր մը ըլլալն է», գրած է Լիւթեմ։
Ան նաեւ կը պաշտպանէ այն տեսակէտը, թէ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին կողմէ Թուրքիոյ նախագահին ուղղուած հրաւէրին բուն նպատակն է Թուրքիան նուաստացնել եւ զայն նեղ կացութեան մատնել։ Թուրքիա այսպիսի հրաւէր մը եթէ ընդունի, ոչ միայն պիտի չխանգարէ սփիւռքահայերուն պնդումը, այլեւ պիտի զօրացնէ անոնց այդ պնդումները։

Լիւթեմ կը յիշեցնէ, որ Հայաստանի նախկին երկու նախագահները՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեան ու Ռոպերթ Քոչարեան, ուշադիր էին, որ Թուրքիան չգրգռէին Ցեղասպանութեան հարցով: «Սերժ Սարգսեանն ալ սկզբնական շրջաններուն նոյն ուղիով ընթացաւ, բայց աւելի ուշ ան Ցեղասպանութիւնը սկսաւ գործածել որպէս խաղաքարտ։ Հիմա, եթէ նկատի առնուի, որ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ներկայ գտնուելու կը հրաւիրուի նախագահը այնպիսի երկիրի մը, որ Ցեղասպանութիւնը չէ ընդունած, ապա այդ հրաւէրը ուրիշ ի՞նչ կարելի է նկատել եթէ ոչ՝ Թուրքիան նուաստացնելու խաղ մը», կը գրէ ան։
Լիւթեմ հետաքրքրական պատասխան մը կու տայ Աքկիւնի այն տեսակէտին, թէ Ցեղասպանութիւնը բեռ մըն է Թուրքիոյ վրայ։ «Թուրքիոյ մէջ քանի՞ հոգի արդեօք իր ուսերուն վրայ կը զգայ Հայկական Հարցի մը ծանրութիւնը», հռետորական հարցումը կը դնէ Լիւթեմ։

Ան կը յիշեցնէ նաեւ, որ մինչեւ այսօր, 20 երկիրներու խորհրդարաններ ճանչցած են Ցեղասպանութիւնը, «բայց անոնցմէ ոչ մէկը Թուրքիայէն պահանջած է, որ Ցեղասպանութիւնը ճանչնայ, հատուցում վճարէ, հողեր վերադարձնէ։ Թուրքիոյ ռազմավարական ուժը արգելք կը հանդիսանայ այսպիսի առաջարկներու», կ՛եզրակացնէ Էօմեր Լիւթեմ։


comments