Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ծախուած Ռուսական զէնքերը կը բացայայտուին

By Asbarez | Tuesday, 10 June 2014

 


ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Երեքշաբթի, Յունիս 10ին բացայայտուած են անցեալ տարուան ընթացքին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի զինուորական ուժերուն ծախուած ռուսական զէնքերու ցանկը:

Ըստ ՄԱԿի աւանդական զէնքերու արձանագրութեան կեդրոնի տուեալներուն, որոնք հիմնուած են Ռուսիոյ տրամադրած տեղեկութեանց վրայ՝ Ատրպէյճան անցեալ տարի Ռուսիայէն գնած է 10 հրասայլ, ցամաքային ուժերու յատուկ 10 մարտական փոխադրակառք, հրթիռային 438 համակարգ եւ 25 ռազմական ուղղաթիռ:

Նոյն ժամանակամիջոցին, Ռուսիա Հայաստանին ծախած է 35 հրասայլ, 110 մարտական փոխադրակառք, 50 հրթիռարձակ եւ 200 հրթիռ:

 


comments