Հայաստան եւ Աւստրիա վերահաստատած են Արցախի հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը

By Asbarez | Wednesday, 11 June 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Նախագահ Սերժ Սարգսեան պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուի Աւստրիա, ուր 11 Յունիսին կայացած է իր եւ Աւստրիոյ իր պաշտօնակիցին Հայնց Ֆիշըրի դռնփակ հանդիպումը, ապա՝ պաշտօնական պատուիրակութիւններուն մասնակցութեամբ ընդլայնուած կազմով բանակցութիւնները, որոնց աւարտին ստորագրուած են շարք մը ոլորտներու մէջ հայ-աւստրիական համագործակցութեան զարգացման առնչուած փաստաթուղթեր: Զրոյցին ընթացքին յատուկ կերպով անդրադարձ կատարուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին, որուն առնչութեամբ երկուստեք հաստատուած է, որ անիկա պէտք է լուծուի խաղաղ միջոցներով։


Երկու երկիրներու նախագահները ստորագրած են նաեւ Աւստրիոյ եւ Հայաստանի միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու եւ գործընկերութեան մասին հռչակագիրը, ապա անոնց մասնակցութեամբ ստորագրուած են «Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան եւ Աւստրիոյ գիտութեան, հետազօտութիւններու եւ տնտեսութեան դաշնային նախարարութեան միջեւ զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան միացեալ գործողութիւններու ծրագիրը», «Հայաստանի կառավարութեան եւ Աւստրիոյ կառավարութեան միջեւ օդային երթեւեկի մասին համաձայնագիրը»:

Այցելութեան ծիրին մէջ ստորագրուած են նաեւ երկու այլ համաձայնագիրներ՝ Արտահանման վարկային համաձայնագիր եւ «Արամ Խաչատրեան» ֆիլհարմոնիկ համերգասրահի վերասարքաւորման» ծրագիրի ֆինանսաւորման նպատակով Հայաստանի Հանրապետութեան՝ ի դէմս ելեւմուտքի նախարարութեան եւ «Էռսթէ» դրամատան միջեւ, նաեւ երկու համաձայնագիր՝ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան եւ աւստրիական «Վակնըր Պիրօ» ընկերութեան միջեւ՝ սարքաւորումներու մատակարարման մասին։

Ապա նախագահները տուած են մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին Սերժ Սարգսեան յատկապէս ըսած է. «Քաղաքական կանոնաւոր երկխօսութիւն, առեւտրատնտեսական զարգացող համագործակցութիւն, մշակութային եւ կրթական բազմաթիւ ծրագրեր, Աւստրիայի կողմից արդիւնաւէտօրէն իրականացուող օժանդակութեան ծրագրեր, փոխշահաւէտ գործակցութիւն միջազգային կառոյցներում, պարբերաբար հարստացուող իրաւապայմանագրային դաշտ՝ սա է մեր կառուցողական համագործակցութեան արդիւնքը, որի բազմապատկման համար պատրաստ ենք շարունակելու հետեւողական աշխատանքը, եւ այդ նպատակին են ուղղուած նաեւ այս այցի ընթացքում ձեր ներկայութեամբ ստորագրուած համաձայնագրերը:

Պարոն Ֆիշերի հետ անդրադարձանք ԵՄ Արեւելեան գործընկերութեան շրջանակներում համագործակցութեան հեռանկարներին, եւ ես վերահաստատեցի Հայաստանի յանձնառութիւնը շարունակելու ԵՄ հետ վերջին տարիներին ծաւալուած արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը, որի շնորհիւ Հայաստանն ունի առաւել ժողովրդավարական կառոյցներ, բաց շուկայական տնտեսութիւն, համեմատաբար լաւ կառավարում, բարենպաստ գործարար միջավայր: Ես ներկայացրեցի Հայաստան-Եւրոպական միութիւն յարաբերութիւնների զարգացման մեր տեսլականը եւ խնդրեցի պարոն նախագահին օժանդակելու մեզ այս հարցում:
Նախագահ Ֆիշերի հետ, ի հարկէ, քննարկեցինք Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի այսօրուայ բանակցային գործընթացը, եւ ես վստահ եմ խորապէս կրկին քննարկելու ենք: Այստեղ՝ Վիեննայում է գտնւում նաեւ ԵԱՀԿ կենտրոնակայանը, մի կազմակերպութիւն, որ տարիներ ի վեր ներգրաւուած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման գործընթացում: Վերահաստատեցի այս խնդիրը՝ Ղարաբաղի խնդիրը, բացառապէս խաղաղ ճանապարհով լուծելու մեր յանձնառութիւնը՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահների ձեւաչափի շրջանակներում, որը խնդրի մանրամասներին լաւագոյնս տիրապետող միջազգային կառոյցն է:

Այցի արդիւնքներով մեր համատեղ յայտարարութեամբ ամրագրուած է, որ Աւստրիան՝ որպէս բարեկամ երկիր, որը հետաքրքրուած է մեր տարածաշրջանում խաղաղութեամբ, միջազգային յարաբերութիւններում իր բարձր համբաւին եւ չէզոք պետութեան կարգավիճակին համահունչ շարունակում է աջակցել Մինսկի խմբի համանախագահների ջանքերին՝ ուղղուած հակամարտութեան կարգաւորմանը միջազգային իրաւունքի նորմերի եւ սկզբունքների վրայ:
Անշուշտ, Աւստրիայի հետ յարաբերութիւններում անհնարին է չանդրադառնալ մեր ժողովուրդների պատմամշակութային կապերին: Մենք շնորհակալ ենք Աւստրիայի կառավարութեանը, ժողովրդին՝ մեր համայնքի նկատմամբ դրսեւորած բարեհաճ վերաբերմունքի համար, եւ այդ բարեհաճ վերաբերմունքի արդիւնքում է նաեւ, որ Վիեննան դարձել է հայագիտութեան եւ հայապահպանութեան կենտրոններից մէկը՝ ի դէմս Մխիթարեան միաբանութեան: Եւ պատահական չէ, պարոն նախագահ, որ Ֆրանց Վերֆելը ծնուել է հէնց Աւստրիայում»։

 


comments

Advertisement