Իսլամ ծայրայեղականներ կը գրաւեն նաեւ Սատտամի ծննդավայր Թիքրիթը

By Asbarez | Wednesday, 11 June 2014

ԹԻՔՐԻԹ, «Ռոյթըրզ».- Շարունակելով իրենց կայծակնային յառաջխաղացքը՝ Իսլամ ծայրայեղականներու Իրաքի եւ Շեմի իսլամական պետութեան զինեալները Չորեքշաբթի, Յունիս 11ին կրցած են իրենց ամբողջական հակակշիռին տակ առնել նաեւ Իրաքի նախկին նախագահ Սատտամ Հիւսէյնի ծննդավայրը՝ Թիքրիթը, եւ Իրաքի քարիւղի մեծագոյն զտարանին կից գտնուող Պայճի քաղաքը: Բախումներ արձանագրուած են նաեւ Քերքուքի մէջ:


Միւս կողմէ, մէկ օր առաջ գրաւուած Մոսուլ քաղաքէն աւելի քան 500,000 քաղաքացի հեռացած է: Անոնց մեծամասնութիւնը ապաստանած է քրտական հակակշիռին տակ գտնուող շրջաններ:

Իրաքի եւ Սուրիոյ սահմանային շրջաններուն մէջ վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին իր դիրքերը զգալիօրէն զօրացուցած այս կազմակերպութիւնը, որ Սուրիոյ որոշ շրջաններու մէջ կը ճակատի նոյնիսկ «Քայիտա»ի զինեալներուն դէմ, յայտարարած է, թէ իր հակակշիռին տակ առած է ամբողջ Նինուէ նահանգը, որուն մայրաքաղաքն է Մոսուլը: Անոր հակակշիռին տակ կը գտնուի նաեւ Ռամատիի որոշ մասեր եւ Ֆալուճա քաղաքը:

Նինուէի նահանգապետը յայտարարեց, որ զինեալներ, Մոսուլի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսարանի շէնքը գրաւելէ ետք առեւանգած են Թուրքիոյ հիւպատոսը եւ հիւպատոսարանին անձնակազմը:

Զինուորական մեկնաբաններ կը յայտնեն, թէ իսլամ ծայրայեղականներու դիւրին յառաջխաղացքը ցոյց կու տայ, թէ Իրաքի զինուորական ուժերը մարզելու նպատակով 25 միլիառ տոլար արժած ամերիկեան ծրագիրը չէ հասած իր նպատակին:

Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Հօշիար Զեպարի յայտարարեց, թէ Պաղտատ մօտէն պիտի գործակցի հիւսիսային Իրաքի քրտական իշխանութեանց հետ, դուրս մղելու համար «այս օտար զինեալները», մինչ Իրանի մօտ Իրաքի դեսպան Մուհամմատ Մեճիտ Շէյխ յայտարարեց, թէ իսլամ ծայրայեղականներու գործողութիւնները դատապարտող արեւմտլեան երկիրներու քայլերը բաւարար չեն, եւ թէ միացեալ ջանքերով պէտք է դէմ դնել այս ահաբեկչական կազմակերպութեան:


comments

Advertisement