Հիլըրի Քլինթըն իր գրքին մէջ կը գրէ Հայ-Թրքական արձանագրութիւններուն մասին

By Asbarez | Thursday, 12 June 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ.– Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախկին նախարար Հիլըրի Քլինթըն 10 Յունիսին Միացեալ Նահանգներու մէջ հրապարակած է իր գիրքը, որ կը կոչուի «Բարդ Ընտրանք»: Գիրքին 656 էջերուն մէջ ան յուշագրած է երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնավարման իր տարիները, որոնց անբաժանելի մասն են աշխարհով մէկ կատարած իր այցելութիւնները:


Գիրքին մէջ ան անդրադարձած է նաեւ 2009 թուականին Ցիւրիխի մէջ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ արձանագրութիւններու ստորագրութեան: «Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան կը յամառէր», գրած է ան՝ անդրադառնալով արձանագրութիւններու նախորդող հանգրուանին։

«Երեկոյեան ես դուրս պանդոկէն ելայ եւ ուղղուեցայ Ցիւրիխի համալսարան, ուր տեղի պիտի ունենար հանդիսաւոր արարողութիւնը: Բայց խնդիր ծագած էր. Նալբանդեանը՝ Հայաստանի նախարարը, կը յամառէր: Ան մտահոգ էր ստորագրութեան արարողութեան համար Տաւութողլուի պատրաստած խօսքէն եւ յանկարծ մերժեց պանդոկէն դուրս ելլել: Կը թուէր, որ ամիսներով նրբօրէն յառաջ մղուած բանակցութիւնները պիտի տապալէին»:

Քլինթըն իսկոյն որոշած է ժամանակ չկորսնցնել, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ պաշտօնակիցները համոզած է, որ արձանագրութիւնները ստորագրեն առանց խօսք առնելու։
Արձանագրութիւններու հետագայի ճակատագիրին մասին խօսելով՝ նախկին նախարարը յայտնած է, որ, հակառակ անոր որ կողմերէն որեւէ մէկուն խորհրդարանը չէ վաւերացուցած զանոնք, սակայն ինք յոյս ունի, որ վճռական բեկում պիտի ըլլան անոնք։


comments

Advertisement