Իրաքի իրադարձութիւնները Ամերիկեան ներխուժման ձախողութիւնը կը յուշեն. Լաւրով

By Asbarez | Thursday, 12 June 2014

 

ՊԱՂՏԱՏ, «Մանար».- Իրաքի մէջ արտակարգ դրութիւն հաստատելու հարցը քննելու նպատակով, վարչապետ Նուրի Մալիքի պահանջած էր Իրաքի խորհրդարանի նիստ գումարել Հինգշաբթի, Յունիս 12ին. սակայն այդ նիստը կարելի չեղաւ գումարել, անբաւարար թիւով երեսփոխաններու ներկայութեան պատճառով: Հակառակ անոր, իրաքեան զինուորական ուժերը սկսած են հակայարձակումի դիմելու՝ փորձելով ետ մղել Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութեան ծայրայեղական զինեալներու յառաջխաղացքը:


Վերջին քանի մը օրերուն Մոսուլն ու Թիքրիթը գրաւած զինեալները կը շարունակեն յառաջանալ կարգ մը ճակատներու վրայ: Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ իսլամական պետութիւն մը հիմնելու իրենց նպատակին հասնելու ջանքերով, զինեալները Չորեքշաբթի օր քանդած են նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ սահմանային անցք մը:
Միւս կողմէ, հիւսիսային Իրաքի քրտական իշխանութեանց ուժերը Հինգշաբթի օր Քերքուք նահանգի բոլոր սահմաններուն վրայ տարածուեցան՝ իսլամական զինեալներու ներթափանցումը կանխարգիլելու համար: Նոյն օրը, Քերքուքի մէջ քրտական ուժերու հրամանատարը մահափորձէ մը փրկուեցաւ: Նաեւ, քրտական ինքնավար մարզը Մոսուլի քաղաքացիներուն 15 օր տեւողութեամբ ժամանակաւոր կեցութեան արտօնութիւն տուաւ:

Մալիքի վստահեցուց, որ իրաքեան բանակի ուժերու թերացումէն ետք, իրաքեան իշխանութիւնները կամաւորներէ կազմուած զուգահեռ բանակ մը պիտի կազմեն, իսլամ ծայրայեղականներուն դէմ պայքարելու համար:

Մոսկուայի մէջ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, թէ Իրաքի իրադարձութիւնները ցոյց կու տան, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ արկածախնդրութիւնը ամբողջութեամբ ձախողած է»՝ ակնարկելով 2003ի ներխուժումին:

Իր կարգին, Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի յայտարարեց, թէ Իրան պիտի պայքարի Իրաքի մէջ բռնարարքներու ու ահաբեկչութեանց պատասխանատու ուժերուն դէմ:

Նաեւ, Թուրքիա ազդարարութիւն ուղղեց Իրաքի կառավարութեան ու յիշեցուց, որ կառավարութիւնը պատասխանատու է Մոսուլի հիւպատոսարանին վրայ կատարուած յարձակումին եւ թուրք քաղաքացիներու առեւանգումին։

Թուրքիոյ մամուլին մէջ կը հաղորդուի, թէ Չորեքշաբթի օր առեւանգուածներուն մէջ կան նաեւ թրքական յատուկ զինուորական ուժերու անդամներ, որոնք ահաբեկիչներուն յանձնուած են՝ առանց զինեալ դիմադրութիւն ցոյց տալու։



comments

Advertisement