Իրան եւ Թուրքիա տարակարծիք կը մնան կազի գինին շուրջ

By Asbarez | Thursday, 12 June 2014

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Այս շաբաթասկիզբին Թուրքիա այցելեց Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի, որ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահին, վարչապետին ու այլ պաշտօնատարներու հետ։ Բանակցութեանց ընթացքին, անշուշտ, խօսուեցաւ նաեւ Իրանէն գնուած բնական կազին մասին, նկատի ունենալով, որ Թուրքիա մեծ քանակութեամբ կազ կը գնէ Իրանէն։ Մինչ շարք մը համաձայնութիւններ կարելի եղած է գոյացնել, կողմերը տարակարծիք կը մնան կազի գինին շուրջ՝ խոստանալով բանակցութիւնները շարունակել:


«Սապահ» թերթի աշխատակից Մեհմետ Նայըր կը գրէ, թէ Իրան Թուրքիոյ շատ սուղ գինով կը ծախէ իր կազը։ Իրան հազար մեթր խորանարդ կազը Թուրքիոյ կը ծախէ մօտաւորապէս 500 տոլարով, մինչդեռ Հայաստանին կը ծախէր 230 տոլարով, իսկ ներկայիս ա՛յդ ալ զեղչած է եւ նկատի ունենալով Հայաստանի տնտեսական տագնապը՝ գինը իջեցուցած է 100 տոլարի։


comments

Advertisement