Երկխօսութիւնը երրորդ նստաշրջանիս հիմնաքարն է. Ասատ

By Asbarez | Thursday, 12 June 2014

ԴԱՄԱՍԿՈՍ.- Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ այժմ, աւելի քան երբեք, համոզուած է, որ սուրիացի ժողովուրդը կարողութիւնն ունի «Սուրիոյ պատմութեան այս սեւ հանգրուանը շրջանցելու»:

«Յաղթանակը անխուսափելի է, նոյնիսկ եթէ ատիկա ժամանակ պահանջէ», յայտարարեց Ասատ: Ան ըսաւ, որ նախագահական ընտրութիւնը ցոյց տուած է, որ «հակառակ քարոզչութեան, հրահրումին, հաւատադրժութեան, ահաբեկչութեան եւ արտաքին դաւադրութեան՝ մարդիկ չեն փոխուած»: Ան յայտնեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Սուրիան պաշտպանելով ոչ միայն ուզած է հաստատել իրենց միջեւ գոյութիւն ունեցող ուժեղ դաշինքը, այլ նաեւ վերականգնել համաշխարհային համակարգի հաւասարակշռութիւնը, որ քանդուած էր Խորհրդային Միութեան քայքայումէն ետք: Ան աւելցուց, որ Իրան կը գիտակցի, թէ Սուրիոյ դէմ մղուող պատերազմը զինք եւս թիրախ կը դարձնէ, ու համոզում յայտնեց, թէ Իրան Սուրիոյ նկատմամբ իր կեցուածքը պիտի չփոխէ՝ նշելով, որ Միացեալ Նահանգներն ու Արեւմուտքը իրենք սկսած են կեցուածքի փոփոխութեան նշաններ ցոյց տալու:

Ասատ նաեւ ըսաւ, որ թրքական կեցուածքը տակաւին չէ փոխուած, սակայն ինք կը գիտակցի, որ Անգարայի ուղղութեամբ իրանեան շարժումը չի կրնար Թուրքիոյ կողմէ ահաբեկչութեան աջակցութիւնը անտեսել:

Սուրիոյ նախագահը եզրակացուց ըսելով. «Երկխօսութիւնը, երկխօսութեան մշակոյթը, մարդիկ ուրիշներու հետ երկխօսելու վարժեցնելը ներկայ հանգրուանի խորագիրը պիտի ըլլայ: Երկխօսութիւնը իմ երրորդ նստաշրջանիս հիմնաքարն է»:


comments

Advertisement