Նախիջեւան տեղադրուած հրթիռային համակարգերը կրնան ոչնչացնել Հայաստանի մէջ որեւէ թիրախ. Պաքու

By Asbarez | Thursday, 12 June 2014

 

ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Նախիջեւանի մէջ գտնուող «Սմեր»չ տիպի հրթիռային համակարգերը կրնան դիւրութեամբ ոչնչացնել Հայաստանի տարածքին գտնուող որեւէ թիրախ. Հինգշաբթի, Յունիս 12ին այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Վաքիֆ Տարկալըն՝ աւելցնելով. «Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը բազմաթիւ առիթներով Ատրպէյճանի հասցէին հնչեցուցած է սպառնալիքներ, որոնք կարելի է դատարկ հռետորաբանութիւն կոչել»:


Ըստ բանբերին՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի խօսքերուն թիրախը հայ հասարակութիւնն է: Տարկալը նշած է, որ Օհանեան կը փորձէ Հայաստանի բոլոր հարցերուն պատասխանատուն նկատել Ատրպէյճանը ու կը փորձէ Հայաստանի զինուած ուժերը ներկայացնել իբրեւ կառոյց, որ ընդունակ է կանխարգիլող ռազմական միջոցներու դիմելու, միաժամանակ՝ Հայաստանը ներկայացնելով իբրեւ զոհ:

Տարկալը յիշեցուցած է, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ անցեալ տարուան Դեկտեմբեր 18ին ստեղծած էր Նախիջեւանի համազօրային բանակը՝ ցոյց տալով, որ Պաքուի համար որքա՛ն կարեւոր է այդ տարածաշրջանը: «Այսօր Ատրպէյճանի զինուած ուժերը յագեցած են ամենաարդիական զինատեսակներով, ուղղաթիռներով եւ օդանաւերով, հրթիռային սարքաւորումներով, հրասայլերով եւ զրահամեքենաներով», ըսած է ան՝ աւելցնելով, թէ անցեալ տարուընէ ի վեր, Նախիւջեւանին եւս փոխանցուած է շատ արդիական զէնքեր:


comments

Advertisement