Հայաստանի մէջ Շուէտի դեսպանատան բացում

By Asbarez | Friday, 13 June 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ.– Յունիս 13ին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Շուէտի առեւտուրի նախարար Էւա Պեորլինքի ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ Շուէտի դեսպանատան բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:


Նոյն օրը առաւօտեան նախարար Նալբանդեան ընդունեց Էւա Պեորլինքը, որ Հայաստան կը գտնուէր գործարարներու ներկայացուցչական պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ՝ թէ՛ դեսպանատան բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուելու, եւ թէ մասնակցելու գործարար համաժողովին։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ համագործակցութեան սերտացման, առեւ-տրատնտեսական կապերու աշխուժացման, կրթական եւ մշակութային ոլորտներուն մէջ փոխանակումներու աշխուժացման, իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնման, Հայաստան–Եւրոպական միութիւն փոխգործակցութեան առնչուող հարցեր:

Միւս կողմէ, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթըր Շտայնմայըրի հրաւէրով 16-17 Յունիսին պաշտօնական այցելութեամբ Պերլին պիտի այցելէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան։

Այցելութեան ընթացքին նախարար Նալբանդեան հանդիպումներ պիտի ունենայ խորհրդարանի նախագահ Նորպըրթ Լամմերթի, գերմանացի իր պաշտօնակիցին հետ, ինչպէս նաեւ արտաքին քաղաքական եւ անվտանգութեան հարցերով գլխաւոր խորհրդական Քրիստոֆ Եոյսկենի հետ:

Հանդիպումներուն ընթացքին նախատեսուած է քննարկել հայ-գերմանական գործընկերութեան հետագայ զարգացման նպատակով ձեռնարկուելիք քայլերը, Հայաստան-Եւրոպական միութիւն համագործակցութիւնը, միջազգային եւ տարածաշրջանային օրակարգային խնդիրներ:


comments