By Asbarez | Friday, 13 June 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– «Սի. Էն.Էն. Թուրք»ի համաձայն՝ «Թուրքիան 1915ի դէպքերու հարիւրամեակին ընդառաջ կարեւոր քայլի նախաձեռնած է»։ Արդարեւ, հոլիվուտեան դերասանուհի Քէյթ Ուինսլեթի մասնակցութեամբ պիտի նկարահանուի «Իմ Հոգիի Դատարկութիւնը» ժապաւէնը, ուր հայ վերապրածներէ բացի նաեւ թուրք եւ քիւրտ վերապրածներ պիտի երեւին։
Թերթին համաձայն՝ «1915ի դէպքերու 100րդ տարելիցին» ընդառաջ առաջին քայլը առած էր Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան՝ առաջին անգամ ըլլալով ցաւակցելով զոհուած հայերու ժառանգորդներուն: Անգարան, սակայն, այդ քայլով պիտի չբաւարարուի, այլ պիտի կատարէ այլ նախաձեռնութիւններ, որոնց կարգին է նկարահանումը այս ժապաւէնին, որուն դէպքերը տեղի կ՛ունենան Առաջին Համաշխարհային պատերազմի շրջանին, եւ ուր կայ սիրոյ պատմութիւն մը։ Հերոսներն են հայ բուժքոյր մը, որուն կերպարը պիտի մարմնաւորէ Քէյթ Ուինսլեթը, իսկ տղայ հերոսին դերը հաւանաբար կատարէ Մարք Ուոլպըրկը:
Ժապաւէնին մէջ ցոյց պիտի տրուի, որ ինչպէս առաջ Անատոլուի մէջ թուրքերը, քիւրտերը, հայերը եւ ցեղային այլ խումբեր կ՛ապրէին խաղաղ եւ բարեկամաբար, եւ թէ ինչպէ՛ս պատերազմը խաթարեց այդ հանգստութիւնն, ու սկսան կռիւները:
Ցոյց պիտի տրուի «ընդհանուր ցաւը»՝ թուրքերուն, հայերուն, քիւրտերուն եւ այլն: Բնագիրին համաձայն՝ դէպքերը տեղի պիտի ունենան Վան քաղաքին մէջ:
Հոլիվուտեան ընկերութեան կողմէ (անունը չէ նշուած – «Թերթ») պատրաստուելիք ժապաւէնին մէկ մասը պիտի նկարահանուի Աղթամար կղզիին վրայ, Արարատի մօտ եւ Էրզրումի մէջ։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ