Հայ մարզիկ մը Իտալիոյ հաւաքականին մէջ

By Asbarez | Monday, 16 June 2014


 


Ֆութպոլի Իտալիոյ ազգային խումբին մէջ հանդէս կու գայ ազգութեամբ հայ ֆութպոլիստ մը։ ՖԻՖԱի պաշտօնական կայքէջը կը գրէ, որ Իտալիոյ խումբի պաշտպաններէն Մաթէօ Տարմեան ազգութեամբ հայ է։ Ան այս տարի առաջին անգամ ըլլալով հրաւիրուած է ազգային խումբ։ Տարմեան 2011էն ի վեր մաս կը կազմէ իտալական »Թորինօ« խումբին։ Ան ծնած է իտալական Լենիանօ քաղաքին մէջ։ Իտալիոյ ազգային խումբը աւարտախաղերու իր առաջին հանդիպումը ունեցաւ Անգլիոյ ազգային խումբին հետ եւ առաւելութեան հասաւ 2-1 արդիւնքով։ Տարմեան խումբին մէջ էր եւ մինչեւ խաղաւարտը մասնակցեցաւ մրցումին։

 


comments

Advertisement