Պաքուի մէջ թէժ մթնոլորտ՝ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերող քննարկումներուն ընթացքին

By Asbarez | Monday, 16 June 2014

 

 


ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ», «Արմէնփրէս».– Պաքուի մէջ տեղի ունեցող ՆԱԹՕի Խորհրդարանական վեհաժողովի սեմինարին ընթացքին Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան, ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի նախկին համանախագահ Մեթիու Պրայզայի արտասանած խօսքը խառն վիճակ ստեղծած է։

ԱՊԱ գործակալութեան համաձայն՝ «Հարաւային Կովկաս. մարտահրաւէրներ եւ հնարաւորութիւններ» խորագիրը կրող քննարկման ընթացքին Պրայզա յայտարարած է, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահները տակաւին չեն կրցած փոխվստահութեան անհրաժեշտ մակարդակի հասնիլ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման եւ փոխզիջումներ կատարելու համար:

Պրայզայի համաձայն՝ հակառակ անոր որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը երկար տարիներ ջանքեր ի գործ դրած է հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ, հարցը տակաւին չէ լուծուած:

«Անհրաժեշտ է շարունակել աշխատանքը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման մէջ ռազմական ճամբով ընթանալու հաւանականութիւնը նուազեցնելու համար», յայտնած է ան:

Իր խօսքին մէջ Պրայզա կոչ ուղղած է կողմերուն ընդհանուր լեզու գտնելու:

Հայկական պատուիրակութիւնը ողջունած է Պրայզայի ելոյթը, իսկ պատուիրակութեան ղեկավար Կորիւն Նահապետեան Ատրպէյճանին կոչ ուղղած է արձակազէնները հեռացնել շփման գիծէն։

Անկէ ետք խօսք առած է ատրպէյճանական պատուիրակութեան անդամ Կուտրաթ Հասանքուլիեւը, որ քննադատած է Պրայզան ու հայերը: Ան Պրայզային յիշեցուցած է, որ հայերը դէմ էին իր դեսպան ըլլալուն՝ միայն այն պատճառով, որ կինը թուրք է:

Հայկական պատուիրակութեան անդամ Թեւան Պօղոսեանն ալ բարձրացուցած է հարցը հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը կացինահարած Ռամիլ Սաֆարովի, որ այդ երկրին մէջ հերոս կը նկատուի:

Կորիւն Նահապետեան պահանջած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ քննարկումներուն որպէս կողմ մասնակցի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը: Ան ներկաներուն ուշադրութեան յանձնած է Լեռնային Ղարաբաղ բնակող հայերու ինքնորոշման հարցը։

Կորիւն Նահապետեան «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ներկայացուցած է հայկական կողմին բարձրացուցած հարցերը։ Անոր համաձայն՝ քննարկումները տեղի ունեցած են թէժ մթնոլորտի մէջ եւ անոնց առանցքը հանդիսացած է Լեռնային Ղարաբաղի կարգաւորման գործընթացը: »Մեր բանավէճի առանցքում Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակն է, եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատուիրակութիւնը յստակ ներկայացրել է իր դիրքորոշումն այդ խնդրի վերաբերեալ, մասնաւորապէս, նկատելով, որ Լեռնային Ղարաբաղը երբեք չի եղել անկախ Ադրբեջանի կազմում: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը հռչակուել է ժողովուրդների ինքնորոշման իրաւունքի իրացման արդիւնքում, որը լիովին համապատասխանել է միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքներին ու նորմերին: Մենք նաեւ նշել ենք, որ հակամարտութեան կարգաւորումը հնարաւոր է այդ գործընթացում Լեռնային Ղարաբաղի անմիջական ներգրաւման արդիւնքում», յայտնած է ան:

Ըստ անոր՝ հայ պատուիրակները կարգ մը շեշտադրումներ կատարած են զինադադարի բազմաթիւ խախտման դէպքերու, շփ-ման գիծէն արձակազէնները հեռացնելու, միջադէպերու հետաքննութեան մեքանիզմներ ստեղծելու, թշնամական քարոզարշաւը դադրեցնելու, տնտեսական շրջափակման եւ բազում այլ հանգամանքներու վերաբերեալ, որոնք այսօր կը խոչընդոտեն խաղաղութեան հաստատումը, հակամարտութեան կարգաւորումը, կողմերուն միջեւ վստահութեան ամրապնդումը: «Քննարկման ընթացքում հիմնականում ակտիւ են Հայաստանի եւ ադրբեջանական պատուիրակները, խորհրդարանական վեհաժողովի միւս
պատուիրակները մեծ հետաքրքրութիւն չունեն քննարկումների նկատմամբ եւ հազուադէպ են արձագանգում», նշած է Կորիւն Նահապետեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ Ատրպէյճան յարգա՞ծ էր իր խոստումը ու ապահովա՞ծ էր հայ պատուիրակներուն անվտանգութիւնը՝ Կորիւն Նահապետեան ըսած է. «Այո՛, իր խոստումը պահպանել է մինչ այս պահը, որը կարող եմ արձանագրել: Օդանաւակայանից սկսած մեզ տրամադրուել են անվտանգութեան միջոցներ թէ՛ միջոցառման վայրում, եւ թէ հիւրանոցում: Մեզ ուղեկցում են անվտանգութեան ծառայողներ, եւ այդ առումով որեւէ խնդիր չեմ տեսնում»:

Յիշեցնենք, որ սեմինարին մասնակցելու համար Պաքու գացած էին Հայաստանի խորհրդարանի պատգամաւորներ՝ ՆԱԹՕի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ հայկական պատուիրակութեան ղեկավար Կորիւն Նահապետեան, Ժառանգութիւն կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան քարտուղար Թեւան Պօղոսեան եւ Երեւանի մէջ Ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոնի ղեկավար Ռիչարդ Կիրակոսեան:

 


comments

Advertisement