By Asbarez | Monday, 16 June 2014
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Օլկու Քունտաքճի ստորագրութեամբ, «Պիր Կիւն» կայքին վրայ հրատարակուած է Իրաքի մասին թղթակցութիւն մը, ուր դիտել կը տրուի, թէ Իրաքի մէջ ապրող քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները շատ մտահոգ են իսլամ ծայրայեղականներու յառաջխաղացքով։ Արդէն 500 հազար հոգի՝ մեծամասնութեամբ քրիստոնեաներ, Մոսուլէն ու շրջակայքէն խոյս տալով ապաստանած է հիւսիսային Իրաքի Քիւրտիստանի շրջան։ Թղթակցութեան մէջ կը նշուի, որ Իրաքի նախկին նախագահ Սատտամ Հիւսէյնի իշխանութեան օրերուն շրջանին մէջ մէկուկէս միլիոն քրիստոնեայ կար, իսկ հիմա այս թիւը իջած է 400 հազարի։
Քլտանի համայնքի երեսփոխաններէն Լուի Պենտեր Մանսուր, որ խօսած է թուրք թղթակիցին հետ, շատ լուրջ մահոգութիւններ յայտնած է Իրաք բնակող քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն կապակցութեամբ։ Քրիստոնեաները ներկայիս կ՛ապաստանին Տոհուք, Արպիլ, Քերքուք եւ Պաքտիտա, որոնք աւելի ապահով ըլլալ կը թուին։
Քրիստոնեաները դիտել կու տան, որ եթէ իսլամ ծայրայեղականները յառաջանան դէպի Պաղտատ եւ յաջողին Պաղտատն ալ գրաւել, ատիկա մեծ ողբերգութիւն պիտի դառնայ, որովհետեւ քրիստոնեաներու կէսէն աւելին կ՛ապրի Պաղտատի մէջ։
Թղթակցութեան մէջ կը յիշուի, որ վնասուած է նաեւ Մոսուլի հայկական եկեղեցին։
Միւս կողմէ, Թուրքիա, որ դժուար կացութեան ենթարկուած է Իրաքի մէջ, ուր ահաբեկչական կազմակերպութիւնը Մոսուլի թրքական հիւպատոսարանէն պատանդ վերցուցած է դիւանագիտական անձնակազմը, կոչ ըրաւ Իրաք գտնուող մօտաւորապէս 10 հազար թուրքերուն, որ կարելի եղած չափով արագօրէն հեռանան ու վերադառնան Թուրքիա։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ըրաւ, բայց որեւէ բացատրութիւն չտուաւ, թէ այդ թուրք քաղաքացիները ի՞նչ միջոցներով եւ ո՞ր ճամբաներէն կրնան ապահով կերպով վերադառնալ Թուրքիա։ Կ՛ենթադրուի, որ հիւսիսային Իրաքի քրտական շրջանին մէջ կ՛ապրին մօտաւորապէս 110 հազար թուրքեր։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ