Ամերիկա կը քննէ Իրաքին օգնելու կարելիութիւնները

By Asbarez | Monday, 16 June 2014

 

ՈՒԱՇԻՆԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի Երկուշաբթի, Յունիս 16ին յայտնեց, թէ պատրաստ է քննելու Իրաքի օգնելու կարելիութիւնները՝ անօդաչու օդանաւեր տրամադրելով կամ նոյնիսկ Իրանի հետ համակարգելով որոշ քայլեր։


Երկուշաբթի օր, իսլամ ծայրայեղականները գրաւեցին Թալ Աֆար քաղաքը։

Մինչ այդ, իրաքեան բանակը շարունակեց որոշ շրջաններ մաքրել Իրաքի եւ Շեմի իսլամական պետութեան զինեալներէն եւ սպաննեց Մոսուլի մէջ այդ խմբակի ղեկավարներէն՝ Ապու Օմար Ասէյլին, ինչպէս նաեւ՝ խմբաւորումի մարտական ղեկավար Թալալ Տուրին:

Սալահետտինի նահանգային խորհուրդի նախագահ Ահմետ Քարիմ ցեղախումբերուն կոչ ուղղեց ապահովական ուժերու արշաւին միանալու: Բանակը նշեալ նահանգին մէջ ցեղախումբերուն օժանդակութեամբ վերահսկողութիւն հաստատեց Տալլուղայ քաղաքին վրայ: Բանակը նաեւ զինեալները վտարեց Իսհաքիէն, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ ան կրնայ իր վերահսկողութեան տակ առնել Նինուէ-Պաղտատ ճամբան:

Բանակը նաեւ սկսաւ շարք մը այլ նահանգներու մէջ ետ մղել զինեալները:

Միւս կողմէ, քիւրտերը Պաքուպայի արեւելքը առին իրենց վերահսկողութեան տակ՝ քանի մը կարեւոր քարիւղի հանքերու սահմաններուն ապահովութիւնը երաշխաւորելով:

Անպար նահանգը իր կարգին յայտարարեց, որ ապահովական մարմիններու եւ ցեղախումբերու ներկայացուցիչներէ բաղկացած յանձնախումբ մը կազմած է՝ ապահովութիիւնը պահպանելու համար:

Իսլամ ծայրայեղականները կը փորձեն Նինուէի մէջ իսլամական էմիրութիւն մը յայտարարել՝ զայն միացնելու համար Սուրիոյ մէջ գրաւած իրենց տարածքներուն:
Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի յայտարարեց, որ Իրան պատրաստ է օժանդակելու Իրաքին, եթէ վերջինս միջազգային օրէնքի ծիրին մէջ պահանջ ներկայացնէ:

 


comments